ՏՔԹ. ԱՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ «ՏԱՐՈՒԱՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ»

Մոն­րէա­լի ՄքԿիլ հա­մալ­սա­րա­նի բժշկու­թեան բա­ժան­մուն­քի ու­ռուց­քա­բա­նու­թեան  բաժ­նի տա­րե­կան գի­տա­ժո­ղո­վին, ձե­ռամբ բաժ­նի ղե­կա­վա­րին, 2015 տա­րուան լա­ւա­գոյն ու­սու­ցի­չի ու դաս­տիա­րա­կի պար­գե­ւը ստա­ցաւ Տքթ. Ա­րի-Նա­րեկ Մկրտի­չեան:

Բաժ­նի նա­խա­գա­հը` Տքթ. Է­տուար­տօ Ֆրան­քօ, ներ­կա­յաց­նե­լով պար­գե­ւատ­րեա­լը, որ վի­րա­բու­ժու­թեան եւ ու­ռուց­քա­բա­նու­թեան ա­ջա­կից  փրո­ֆե­սէօր է, տուաւ  ա­նոր ամ­փոփ կեն­սագ­րա­կա­նը` նշե­լով յա­ճա­խած հա­մալ­սա­րան­նե­րը, ստա­ցած բարձ­րա­գոյն վկա­յա­կան­նե­րը, վա­րած բազ­մա­թիւ պաշ­տօն­նե­րը, նաեւ` ստա­ցած զա­նա­զան մրցա­նակ­ներն ու պար­գեւ­նե­րը: Տքթ. Ա­րի-Նա­րեկ Մկրտի­չեան ան­դամ է Գա­նա­տա­յի Բժշկա­կան խոր­հուր­դի քննու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­խում­բին եւ Բժիշկ­նե­րու եւ վի­րա­բոյժ­նե­րու ար­քա­յա­կան գո­լէ­ճի մաս­նա­գի­տա­կան յանձ­նա­խում­բին: Ան հե­ղի­նակ է բազ­մա­թիւ յօ­դուած­նե­րու եւ հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու, յատ­կա­պէս` հիմ­նուած իր իսկ կա­տա­րած գի­տա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րուն վրայ: Ներ­կա­յիս իր ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցու­ցած է քաղց­կե­ղով հի­ւանդ­նե­րու խնամ­քի ո­րա­կի բա­րե­լաւ­ման, ա­ռող­ջա­պա­հա­կան տե­ղե­կա­բա­նու­թեան մի­ջոց­նե­րու հա­մար­կու­մին` դար­մա­նա­կան աշ­խա­տան­քին մէջ եւ բժիշկ­նե­րու ձեռն­հա­սու­թեան գնա­հա­տու­մին ու հի­ւանդ­նե­րու բուժ­ման ա­ռըն­չու­թեան վրայ:

Ներ­կա­յիս ան կը գոր­ծէ ՄքԿիլ հա­մալ­սա­րա­նի ա­ռող­ջա­պա­հա­կան կեդ­րո­նին մէջ` որ­պէս վի­րա­բոյժ-ու­ռուց­քա­բան եւ գի­տա­հե­տա­զօ­տող:

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016