«ԱՐԻ ՏՈՒՆ» 2017 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԾՐԱԳԻՐԸ

Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ըն­դու­նեց Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցած Սփիւռ­քի ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հայ­րե­նա­ճա­նա­չու­թեան «Ա­րի տուն» 2017 թուա­կա­նի ծրա­գի­րը եւ ձեռ­նարկ­նե­րու ցան­կին հա­ւա­նու­թիւն տա­լու մա­սին նա­խա­գի­ծը:

Ծրա­գի­րին նպա­տակն է աշ­խար­հաս­փիւռ հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն ճա­նա­չե­լի դարձ­նել Հա­յաս­տա­նը, ա­նոր տե­սար­ժան վայ­րե­րը, բնա­կե­լով ըն­տա­նիք­նե­րու մէջ՝ մօ­տէն ծա­նօ­թա­նալ հայ ըն­տա­նի­քի սո­վո­րոյթ­նե­րուն, ա­ւան­դոյթ­նե­րուն, հա­սա­կա­կից­նե­րուն, նպաս­տել սփիւռ­քա­հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան մօտ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան ամ­րապնդ­ման, ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թիւ­նը հզօ­րաց­նե­լուն, ա­ջակ­ցիլ Հա­յաս­տան-Սփիւռք բա­րո­յա­հո­գե­բա­նա­կան, կրթամ­շա­կու­թա­յին միաս­նու­թեան, նպաս­տել ե­րի­տա­սար­դու­թեան հա­յա­դար­ձու­թեան:

2016 թուա­կա­նին «Ա­րի տուն» ծրա­գի­րին 8 փու­լով մաս­նակ­ցած է շուրջ 900 սփիւռ­քա­հայ ե­րի­տա­սարդ աշ­խար­հի 38 երկ­րէ: Ծրա­գի­րի ի­րա­կա­նաց­ման իւ­րա­քան­չիւր փու­լի ըն­թաց­քին սփիւռ­քա­հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հա­մար կազ­մա­կեր­պուած են ու­սու­ցո­ղա­կան ծրա­գիր­ներ, հայ­րե­նա­գի­տու­թեան խտա­ցուած դա­սըն­թացք­ներ՝ Հան­րա­պե­տու­թեան հմուտ ման­կա­վարժ­նե­րու կող­մէ, հայ­կա­կան պա­րե­րու դա­սըն­թացք­ներ, մշա­կու­թա­յին ծրա­գիր­ներ` այ­ցե­լու­թիւն­ներ Հա­յաս­տա­նի պատ­մամ­շա­կու­թա­յին վայ­րեր, թան­գա­րան­ներ, մաս­նակ­ցու­թիւն  շարք մը հա­մա­հայ­կա­կան ծրա­գիր­նե­րու, ճա­նա­չո­ղա­կան հան­դի­պում-այ­ցե­լու­թիւն­ներ՝ հան­դի­պում­ներ Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րան­նե­րու, զօ­րա­մա­սե­րու մէջ, գի­տու­թեան, մշա­կոյ­թի, մար­զան­քի  յայտ­նի ան­հատ­նե­րու հետ, hրա­ժեշ­տի ձեռ­նարկ­ներ, ո­րոնց ժա­մա­նակ ծրա­գի­րի մաս­նա­կից­նե­րը հան­դի­պած են Հա­յաս­տա­նի պաշ­տօ­նա­տար այ­րե­րու հետ: Կ՚ակն­կա­լուի, որ «Ա­րի տուն» ծրա­գի­րի շա­րու­նա­կա­կան ի­րա­կա­նաց­ման ար­դիւն­քով պի­տի ձե­ւա­ւո­րուի սե­փա­կան ար­մատ­նե­րուն տե­ղե­կա­ցուած հպարտ հայ սե­րունդ:

2017 թուա­կա­նին կ՚ակն­կա­լուի մին­չեւ հա­զար սփիւռ­քա­հայ ե­րի­տա­սար­դի այ­ցե­լու­թիւն Հա­յաս­տան, ո­րոնք նախ կը հիւ­րըն­կա­լուին հա­յաս­տա­նեան ըն­տա­նիք­նե­րու մօտ, ա­պա ի­րենց հա­սա­կա­կից­նե­րուն հետ կը մաս­նակ­ցին «Ա­րի տուն» ճամ­բա­րին:

Ծրա­գի­րի ի­րա­կա­նաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը հա­մա­կար­գե­լու եւ պատ­շաճ մա­կար­դա­կով կազ­մա­կեր­պե­լու նպա­տա­կով կը ստեղ­ծուի ծրա­գի­րի ի­րա­կա­նաց­ման միջ­գե­րա­տես­չա­կան հա­մա­կար­գող յանձ­նա­ժո­ղով եւ աշ­խա­տան­քա­յին խումբ: Ծրա­գի­րի ի­րա­կա­նաց­ման կազ­մա­կեր­պա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ կ՚ակն­կա­լուի գոր­ծըն­կեր հա­սա­րա­կա­կան ե­րի­տա­սար­դա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ ե­րի­տա­սարդ կա­մա­ւոր­նե­րու ներգ­րա­ւում:

«Ա­րի տուն» ա­մառ­նա­յին ճամ­բա­րի, ու­սու­ցո­ղա­կան դա­սըն­թացք­նե­րու, կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ այլ ձեռ­նարկ­նե­րու մշա­կումն ու կազ­մա­կեր­պու­մը, պե­տա­կան պաշ­տօ­նեա­նե­րու եւ տար­բեր ո­լորտ­նե­րու յայտ­նի գոր­ծիչ­նե­րու հետ հան­դի­պում­նե­րը լրա­ցու­ցիչ ազ­դակ կը հան­դի­սա­նան ծրա­գի­րի ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան բարձ­րաց­ման հա­մար:

Ծրա­գի­րը կը հո­վա­նա­ւո­րուի Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան 2017 թուա­կա­նի պե­տա­կան պիւտ­ճէի հա­շուին:

Շաբաթ, Փետրուար 4, 2017