ԱՆԳԼԻԱՑԻ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏԻՆ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ

Անգ­լիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի եւ Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ տնօ­րէ­նու­թեան ղե­կա­վար Սա­րա Սուին­ֆորտ վեր­ջերս այ­ցե­լեց Ե­րե­ւան, ուր հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Կա­րէն Նա­զա­րեա­նի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան, ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, մշա­կու­թա­յին փո­խա­նա­կում­նե­րու աշ­խու­ժաց­ման ուղ­ղու­թեամբ ձեռ­նար­կուած քայ­լե­րը։ Կա­րե­ւո­րուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի եւ Լոն­տո­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը՝ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս։

Փոխ-նա­խա­րա­րը անգ­լիա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տին ներ­կա­յա­ցուց ԵՄ-Հա­յաս­տան նոր ի­րա­ւա­կան փաս­տա­թուղ­թի շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քը, ո­լոր­տա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ուղ­ղու­թիւն­նե­րը։ Ան ներ­կա­յա­ցուց նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի էու­թիւնն ու խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի ծի­րէն ներս զար­գա­ցում­նե­րը։

Հան­դիպ­ման ներ­կայ էր նաեւ Ե­րե­ւա­նի մօտ Անգ­լիոյ դես­պան Ճու­տիտ Ֆար­նուորտ։

Շաբաթ, Փետրուար 4, 2017