ՈՒՂՂԱՀԱՅԵԱՑ ԹՂԹԱԴՐԱՄ

Վե­նե­զուե­լա­յի մէջ սկսած են նոր ուղ­ղա­հա­յեաց թղթադ­րամ­ներ հրա­պա­րա­կել՝ 500-էն մին­չեւ 20.000 պո­լի­վար ար­ժէ­քով: Մին­չեւ հի­մա մե­ծա­գոյն ար­ժէ­քով թղթոս­կին 100 պո­լի­վարն էր, ո­րուն վրա­յի պատ­կե­րը եւս ուղ­ղա­հա­յեաց դիր­քով տպագ­րուած է: Սեւ շու­կա­յին մէջ 20.000 պո­լի­վա­րը ներ­կա­յիս կ՚ար­ժէ շուրջ 6 տո­լար: Նոր թղթոս­կի­նե­րու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պատ­ճա­ռը ե­լեւմ­տա­կան բա­րե­փո­խում­ներն են: Խա­բէու­թիւն­նե­րու եւ պիւտ­ճէա­կան բա­ցի դէմ յայ­տա­րա­րուած պայ­քա­րի ծի­րին մէջ ո­րո­շուած է շրջա­նա­ռու­թե­նէ հա­նել 100 պո­լի­վար ար­ժո­ղու­թեամբ թղթոս­կին:

Վե­նե­զուե­լա­յի մէջ ազ­գա­յին դրա­մա­նի­շի կտրուկ ար­ժեզրկ­ման պատ­ճա­ռով երկ­րի խա­նութ­նե­րուն մէջ գնուած ապ­րան­քի դի­մաց տրուող թղթադ­րամ­նե­րը ոչ թէ կը հա­շուէին, այլ կը կշռէին:

Շաբաթ, Փետրուար 4, 2017