ՊԱՏՈՒՈՅ ԿՈՉՄԱՆ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեա­նին վեր­ջերս շնոր­հո­ւե­ցաւ՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ գոր­ծող «Վաս­պու­րա­կան» հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թեան պա­տո­ւոյ ան­դա­մի կո­չում։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Տա­րօն Մար­գա­րեան այս առ­թիւ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ այդ հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թեան վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Ան մաս­նա­ւո­րա­պէս կա­րե­ւո­րեց միու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ու վստա­հե­ցուց, որ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը պի­տի շա­րու­նա­կէ ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րել այդ միու­թեան ծրագ­րե­րու ի­րա­կա­նաց­ման։ Քա­ղա­քա­պե­տը մատ­նան­շեց, որ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը կը հա­մա­գոր­ծակ­ցի զա­նա­զան հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւն­նե­րու հետ ու մատ­նան­շեց ա­նոնց բո­լո­րի ա­ռա­քե­լու­թեան հա­սա­րա­կաց կող­մե­րը։

«Վաս­պու­րա­կան» հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թեան վար­չու­թեան փոխ-նա­խա­գահ, յայտ­նի պատ­մա­բան Յա­րու­թիւն Մա­րու­թեանն ալ նշեց, որ ի­րենց նպա­տակն է վառ պա­հել պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թիւ­նը։

Զրոյ­ցէն վերջ Տա­րօն Մար­գա­րեա­նին հան­դի­սա­ւո­րա­պէս յանձ­նո­ւե­ցաւ պա­տո­ւոյ կոչ­ման վկա­յա­կա­նը։ 

Շաբաթ, Փետրուար 4, 2017