ԱՆԴՐԴՈՒԵԼԻ ԵՒ ՅՍՏԱԿ
Թուրքիա երէկ խոր ցնցում ապրեցաւ Սուրիայէն հասած ցաւալի լուրերով։ Այսպէս, Իտլիպի մէջ 8 թուրք զինուոր նահատակուեցաւ՝ Սուրիոյ կառավարական զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։ Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի բանակին կողմէ բացուած կրակին թիրախ դարձան Թուրք զինեալ ուժերու անդամները, կան նաեւ վիրաւորեալներ։
Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման ուղղեալ ջանքերուն մէջ Անգարա կը մնայ անդրդուելի եւ անզիջում, միշտ յառաջ կը տանի յամառ ջանքեր։ Արդարեւ, Սուրիոյ իրադարձութիւնները կը շարունակեն Թուրքիոյ տեսակէտէ բախտորոշ հունէ մը ներս ընթանալ։ Դաշտի վրայ առանցքային դերակատարներու շարքին կը գտնուին Թուրքիա եւ Ռուսաստան, որոնց համագործակցութիւնը կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն Սուրիոյ կայունութեան տեսակէտէ։ Յամենայնդէպս, այս վերջին իրադարձութիւնը Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ ալ անխուսափելի լարուածութիւններու ծնունդ տուած է։ Իտլիպի հարցին շուրջ թրքական եւ ռուսական կողմերու միջեւ յառաջացած վերջին հակասութիւնները արդէն հասած են գագաթնակէտին։ Թրքական կողմը կը յայտարարէ, որ իր զօրքերու անցնելիք ուղղութեան եւ գործողութիւններուն վերաբերեալ նախապէս իրազեկուած էր ռուսական կողմը։ Իսկ Ռուսաստանի աղբիւրները կը հերքեն այս տեղեկութիւնը։ Հակասական տուեալներու շրջանառութեան մէջ մտած այս կէտին վրայ երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջեւ։
Ութ զինուորներու նահատակուելէն վերջ բանակը խստիւ փոխադարձեց լայնածաւալ գործողութիւնով մը։ Սուրիոյ կառավարական ուժերը շուրջ ութ տասնեակ կորուստ տուին։ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարն ալ անմիջապէս բանակի հրամանատարական կազմին հետ փութաց սահման ու տեղւոյն վրայ քննարկումներ ունեցաւ եւ այցելեց վիրաւորեալներուն։ Թուրքիա այս փուլին ռուսական կողմի նկատառման կը յանձնէ, որ բուն թիրախը ինքը չէ, այլ Սուրիոյ վարչախումբն է։ Սա պատգամ մըն է, որպէսզի խոչընդոտներ չստեղծուին թրքական կողմին համար։ Բանակը կը շարունակէ կուտակումներ կատարել սահմանին վրայ, մինչ Իտլիպէն դուրս եկած շուրջ 1 միլիոն գաղթական կը յառաջանայ դէպի Թուրքիա։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այս իրավիճակին մէջ շեշտեց, որ բանակը ամենասաստիկ ձեւով փոխադարձած է կատարուածին եւ ըսաւ. «Կանգ առնել չկայ, պիտի շարունակենք հաշիւ պահանջել»։
Էրտողան մաղթեց, թէ բոլորը գիտնան իրենց պատասխանատուութիւնները՝ Աստանայի եւ Սոչիի գործընթացներու շրջանակին մէջ եւ այդ պատասխանատուութիւններուն ուղղութեամբ աշխատանքները շարունակուին։