ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ։ Այցելութեան օրերուն ան ընդունուեցաւ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Լաշա Տարսալիայի եւ Հաշտութեան ու քաղաքացիական հաւասարութեան հարցերու գծով Պետական նախարար Քեթեւան Ցիխելաշվիլիի կողմէ։
Զարեհ Սինանեան բազմակողմանի հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ վրացահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, ծաւալելով բազմաբնոյթ քննարկումներ։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս հետա-քըրքրական էին դպրոցներէ ներս տեղի ունեցած հանդիպումները, որոնց ընթացքին ան առիթն ունեցաւ ծանօթանալու վրացահայ երիտասարդութեան հետ։
Զարեհ Սինանեան Թիֆլիզի մէջ այցելեց նաեւ «Վրաստան» թերթի խմբագրատունը։ Ան հիւրընկալւեցաւ թերթի գլխաւոր խմբագիր Վան Պայպուրթեանի եւ գործակից ընկերներուն կողմէ։ Քննարկուեցան վրացահայ իրականութեան զանազան հարցերն ու Հայաստան-Վրաստան համագործակցութեան հեռանըկարները։