ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ԽՐԱԽՈՒՍԷ ՀԶՕՐ ՈՒՔՐԱՅՆԱՅԻ ՏԵՍԼԱԿԱՆԸ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ միօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Քիեւ, ուր Մարինսքի պալատէն ներս հիւրընկալուեցաւ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի կողմէ։ Երկու նախագահներուն գլխաւորութեամբ Քիեւի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Ուքրայնա Բարձր մակարդակով ռազմավարական խորհուրդի 8-րդ ժողովը։

Նախագահ Էրտողան Քիեւի մէջ հերթական անգամ շեշտեց, որ Թուրքիա չի ճանչնար Խրիմի ապօրինի բռնակցումը ու կը վերահաստատէ Ուքրայնայի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան համար աջակցութիւնը՝ ներառեալ Խրիմը։ Իր խօսքով՝ Թուրքիա կը խրախուսէ արդի եւ հզօր Ուքրայնայի մը տեսլականը։ Անվտանգութեան ոլորտէ ներս կողմերը կը ձգտին ամրապնդել իրենց համագործակցութիւնը։ Մինչ այդ, նախագահը յայտարարեց, որ երկկողմանի առեւտուրի ծաւալն ալ պիտի բարձրացուի 10 միլիառ տոլարի մակարդակին։

Էրտողան եւ Զելենսքի Քիեւի մէջ մասնակցեցան նաեւ Ուքրայնա-Թուրքիա գործարար ֆորումին։ Այս առթիւ նախագահը ընդգծեց, որ հակառակ առեւտուրի պատերազմներուն եւ տարածքաշրջանային անկայունութիւններուն, թրքական տնտեսութիւնը կը շարունակէ վերելք արձանագրել։  

Երեքշաբթի, Փետրուար 4, 2020