ԹՌԻՉՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄ

ՀՏՓ-ական երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէն ներս օրակարգի վրայ բերաւ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքներու ընդհատման հարցը։ Տիարպաքըրի պատգամաւոր Փայլան այս կապակցութեամբ հարցադրում մը ներկայացուց՝ Հաղորդակցութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Մեհմէտ Ճահիտ Թուրհանին։ Ան նշեց, որ 1993 թուականէն ի վեր փակ է Թուրքիա-Հայաստան սահմանը, ուստի թռիչքները ուղիղ հաղորդակցութեան միակ միջոցը կը հանդիսանան երկու երկիրներու միջեւ։ «Աթլասժէթ» ընկերութիւնը ելմտական դժուարութիւններու հետեւանքով 26 նոյեմբեր 2019 թուականէն ի վեր չ՚իրականացներ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքները։ Սա պատճառ կը դառնայ, որ տուժեն Թուրքիոյ եւ Հայաստանի այն քաղաքացիները, որոնք տարիներէ ի վեր այս թռիչքներուն շնորհիւ ուղղակիօրէն կրնային հասնիլ հարեւան երկիր։ Երեսփոխանը նախարարին հարց տուած է, որ ի՞նչ պիտի կատարուի այս խնդրի յաղթահարման համար։ Կարօ Փայլան միեւնոյն ժամանակ յիշեցուցած է, որ Թրքական օդային ընկերութիւնը դէպի Հայաստան թռիչքներ չունի՝ հակառակ, որ կը թռի դէպի աւելի քան 120 երկիր եւ կը յաւակնի ըլլալ աշխարհի վրայ դէպի ամենաշատ թռիչքուղի ունեցող ընկերութիւնը։ Այս բոլորի լոյսին տակ երեսփոխանի հարցադրման մէջ հարց տրուած է, թէ Թրքական օդային ընկերութիւնը ինչո՞ւ թռիչքներ չունի դէպի հարեւան Հայաստան։ Անցեալ տարիներուն ընկերութիւնը տեղեկացուցած էր, որ կանոնաւոր թռիչքներու պիտի սկսի դէպի Հայաստան, սակայն աւելի վերջ այդ թռիչքները չէին սկսած։ Փայլան հարց տուած է նաեւ, թէ արդեօք ճի՞շդ են այն պնդումները, ըստ որոնց Ատրպէյճանի նախաձեռնութիւններուն հետեւանքով արգելափակուած է այդ թռիչքներուն սկիզբը։ 

Երեքշաբթի, Փետրուար 4, 2020