ՀԱՄԱՀՈՒՆՉ ՏԵՍԼԱԿԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ եւ նախագահութեամբ Անթիլիասի մէջ կազմակերպուած եռօրեայ միջազգային միջեկեղեցական համագումարը հասաւ իր աւարտին։ Այս ձեռնարկի նպատակն էր միջեկեղեցական շարժումին համար նոր տեսլական մը զարգացնել՝ համահունչ ներկայ ժամանակներու եւ եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներու։ Այս նիւթին շուրջ համագումարի տեւողութեան ծաւալուեցան բազմակողմանի քննարկումներ՝ միջեկեղեցական գետնի վրայ հեղինակութեան տէր շուրջ երեսուն անձնաւորութիւններու կողմէ։

Համագումարի աշխատանքի աւարտին պատրաստուեցաւ յայտարարութիւն մը, որ պիտի հրապարակուի յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին։

Երեքշաբթի, Փետրուար 4, 2020