ԲԱԽՏՈՐՈՇ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութիւնը Հարաւային Կովկասի պարագային կը ստեղծէ նոր կլիմայ մը եւ կը ձեւաւորէ նոր հեռանկարներ։ Մասնաւորապէս տարածքաշրջանէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը հորիզոնին վրայ կ՚ուրուագծէ համագործակցութեան նոր ձեւաչափեր։ Հայաստանի մէջ այս բոլորը կը քննարկուին յետպատերազմեան ծանր տագնապի պայմաններուն ներքեւ։ Նկատի ունենալով, որ երկիրը լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ՝ ճակատագրական այս հարցերը կ՚արծարծուին՝ հանրային կարծիքը առաջնորդելով մէկ ծայրայեղութենէն միւսը։ Պետութեան երկարաժամկէտ շահերուն տեսակէտէ հասարակական առողջ ընկալումի մը մթնոլորտը կը բացակայի երկրէն, ինչ որ որոշ չափով հասկնալի է՝ պատերազմի ծանր հետեւանքներու ազդեցութեան տեսակէտէ։ Այս ծիրին մաս կը կազմեն նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները։ Թէեւ վերջին տասնամեակներուն միշտ խնդրայարոյց եղած են Անգարա-Երեւան յարաբերութիւնները, սակայն, ուշագրաւ է, որ յետպատերազմեան ներկայ մթնոլորտին մէջ ալ մտայնութեան փոփոխութիւն մը չի նկատուիր այս ուղղութեամբ։ Դաւաճանութիւններու եւ հերոսութիւններու ծայրայեղութենէն դուրս, այս եւ նման խնդիրներու հաւասարակշռուած ու շահապաշտ մօտեցումներով ժողովուրդին մատուցուիլը թէեւ կարեւոր է, սակայն, օրինակները բաւական սակաւ են։

Այս ամբողջին մէջ վերջերս ուշագրաւ յօդուած մը ստորագրած է լրագրող-հրապարակագիր Թաթուլ Յակոբեան։ «Սիվիլնեթ» կայքէջին վրայ հրապարակուած է իր գրութիւնը։ Ան հեղինակաւոր մեկնաբան մըն է՝ մանաւանդ, որ գիրքեր ալ հեղինակած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին եւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն շուրջ։ Թաթուլ Յակոբեանի յօդուածը շահեկան է այն առումով, որ մէկ կողմէ լաւ կը ցոլացնէ Հայաստանէ ներս Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու ապագային վերաբերեալ առկայ ընկալումներն ու մտայնութիւնը, իսկ միւս կողմէ կը մատնանշէ այդ յարաբերութիւններու հաւանական բնականոնացումով պայմանաւորուած ներուժը։

Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք Թաթուլ Յակոբեանի յօդուածը։

*

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հերթական անգամ յայտարարած է, որ Անգարա պատրաստ է Երեւանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու ուղղուած քայլեր կատարելու: (…) Այդ մասին թուրք թիւ մէկ դիւանագէտը ըսած է Գերմանիոյ իր պաշտօնակից Հէյքօ Մաասի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսին՝ Անգարայի մէջ:

«Եթէ հրադադարը յարատեւ բնոյթ կրէ, ապա Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կրնան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած քայլերու ձեռնարկել», Չավուշօղլուի խօսքերը մէջբերած է «Անատոլու» գործակալութիւնը։

Ուշագրաւ է, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր երկրի կողքին կը նշէ նաեւ Ատրպէյճանի անունը:

Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու համար՝ Թուրքիան առաջ կը քշէր մի քանի նախապայմաններ: 1991-ի դեկտեմբերին, երբ Անգարա ճանչցաւ Հայաստանի անկախութիւնը, կային երկու նախապայմաններ՝ Հայաստան պէտք է ճանչնայ ժամանակակից Թուրքիոյ սահմանները, այն է՝ տարածքային պահանջներ չներկայացնէ, երկրորդ՝ հայերը պէտք է վերջ տան Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգային արշաւին:

Մինչեւ 1993-ի ապրիլը, երբ հայկական ուժերը մտան Քելպեճէր եւ Թուրքիան փակեց Հայաստանի հետ սահմանն ու նախապայմաններու թիւը հասցուց երեքի, պաշտօնական Երեւանը հարեւան երկրին տարածքային պահանջներ չէր ներկայացներ եւ չէր մասնակցեր Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին, սակայն, միւս կողմէ չէր ստորագրեր փաստաթուղթ մը, որով կը ճանչնար Թուրքիոյ սահմանները կամ կը յայտարարէր, որ պիտի չներգրաւուի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին:

Թուրքերը յղում կ՚ընէին 1990-ի օգոստոսի 23-ի Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրին, ուր կային երկուքն ալ՝ «Հայաստան սատար կը կանգնի 1915-ի Օսմանեան Թուրքիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին»:

1992-ին եւ 1993-ի առաջին ամիսներուն Երեւան եւ Անգարա կ՚աշխատէին արձանագրութեան թեքստի մը՝ սեւագրի վրայ, որ պէտք է դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ դեսպանութիւններ բանալու հիմք դառնար: Քելպեճէրէն ետք գործընթացը կանգ առաւ, իսկ նախապայմանները հասան երեքի:

Դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու ամենաերկար եւ խորքային երկրորդ գործընթացը տեղի ունեցաւ 2008-2010 թուականներուն, սակայն «ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը» մտաւ փակուղի: Թուրքերը կ՚ակնկալէին, որ հայկական կողմը գոնէ պէտք է Ղարաբաղի մէջ կարգավիճակի փոքր փոփոխութեան մը երթայ, որպէսզի Անգարա կարողանայ Պաքուին բացատրել, թէ ինչո՛ւ կ՚երթայ նման քայլի մը: Սերժ Սարգսեան, որ կը գիտակցէր Թուրքիոյ ճակատագրական եւ վտանգաւոր ուժ ըլլալը Հայաստանի համար, յատկապէս, երբ հայերն ու թուրքերը իրարու դէմ մնան միայնակ, պատրաստ էր երթալու ցաւալի զիջումներու ու փոխզիջումներու (արձանագրութեան թեքստերը վկայութիւնն են այս բանին), սակայն Արցախի հարցին մէջ որեւէ քայլ չկատարեց, նոյնիսկ խորհրդանշական երկու գիւղ չյանձնեց. բան մը, որուն կ՚ակնարկէին թուրքերը:

Երկու գիւղ չէ․ 44-օրեայ պատերազմին հայկական կողմը կորսնցուց ամէն ինչ կամ գրեթէ ամէն ինչ: Եթէ պարզ հաշուարկով եւ տրամաբանօրէն նայինք, ապա թուրքերը պէտք է պատրաստ ըլլային հայերու հետ հաստատելու դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ վերջ տալու շրջափակման:

Իրականութեան մէջ, սակայն, Թուրքիան ղարաբաղեան նախապայմանը յառաջ կը տանէր՝ օրակարգի վրայ պահելով միւս երկու նախապայմանները, որոնք նոյնքան կարեւոր են թրքական տեսանկիւնէն: Նոյնքան եւ աւելի կարեւոր են հայկական տեսանկիւնէն:

Կրնա՞յ Հայաստանի մէջ ըլլալ իշխանութիւն մը, որ հրաժարի Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացէն եւ համաձայնի պատմաբաններու յանձնաժողովի ստեղծման թրքական առաջարկին, ինչ որ, ըստ էութեան, տեղ գտած էր 2009 թուականի արձանագրութեան մէջ, ճիշդ է՝ այլ ծրարաւորումով եւ այլ բառապաշարով:

Կրնա՞յ արդեօք Հայաստանի մէջ ըլլալ իշխանութիւն մը, որ յստակ յայտարարէ, թէ Թուրքիոյ նկատմամբ չունի տարածքային պահանջներ: Այդ պահանջը եւս, կրկին ոչ ուղղակի, բայց էութեան մէջ տեղ գտած էր զոյգ արձանագրութիւններուն մէջ:

Եթէ իրաւամբ Թուրքիան եւ Հայաստանը անկեղծ են եւ կը ձգտին դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու, ապա այդ կարելի է ընել լռելեայն՝ մանաւանդ, որ երրորդ նախապայմանը ամբողջովին իրականութիւն դարձած է եւ այս հարցին մէջ Պաքուէն Անգարայի վրայ ճնշում չի կրնար ըլլալ. բան մը, որուն ականատեսն էինք 2008-2009 թուականներուն, երբ Ատրպէյճանի մէջ, ի նշան բողոքի, կ՚իջեցնէին թրքական դրօշները:

Հոգեբանօրէն պատրա՞ստ է արդեօք Հայաստան երթալ յարաբերութիւններու հաստատման՝ հաշուի առնելով Թուրքիոյ ուղղակի մասնակցութիւնը 44-օրեայ պատերազմին:

Ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ Ռուսաստանի կեցուածքը, եթէ Երեւանն ու Անգարան համաձայնութեան գան:

Հայաստանէն յստակ ուղերձներ չկան, որ Երեւան պատրաստ է յարաբերութիւններու հաստատման: Նախքան սեպտեմբերի 27-ը, պատերազմի ընթացքին եւ հրադադարէն յետոյ Երեւանէն ամենաբարձր մակարդակով հնչած են յայտարարութիւններ, որոնց մէջ դատապարտուած են թրքական ներգրաւուածութիւնը, ճիհատիստ վարձկաններու՝ Սուրիայէն Թուրքիոյ տարածքով ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտի հասցուիլն ու Անգարայի սադրիչ միւս գործողութիւնները:

Այս շշմեցուցիչ պարտութենէն յետոյ Հայաստան պէտք է առաջնորդուի պետութեան շահերո՞վ, թէ՞ դիտորդի դերին մէջ մնայ՝ տեսնելով, թէ ինչպէ՛ս Մոսկուան եւ Անգարան մրցակցային պայմաններու մէջ են, բայց համագործակցութեան ոգիով տարածքաշրջանը կը վերաձեւեն:

Եթէ Հայաստան չխօսի Թուրքիոյ հետ, ապա արդեօք մեր փոխարէն եւ մեր շահերու հաշուոյն այլ երկիրներ պիտի չխօսի՞ն Անգարայի հետ:

Եթէ Հայաստան մէկ կողմ քաշուի եւ իր ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան իրաւունքները պատուիրակէ երրորդ կողմի մը, ապա ինքնիշխանութենէն եւ անկախութենէն ի՞նչ պիտի մնայ:

Արդեօք Երեւանի իշխանութիւնները կը գիտակցի՞ն, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու հաստատումը կ՚ըլլայ էական եւ անհրաժեշտ քայլ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ անկախութիւնը մէկ աստիճանով բարձրացնելու եւ Հանրապետութիւնը՝ որպէս միջազգային իրաւունքի առարկայ, կարեւորելու գործին մէջ:

Հակառակը, եթէ ապագային ալ չհաստատուին հայ-թրքական յարաբերութիւններ, ապա Հայաստանի կախուածութիւնը արդեօք աւելի պիտի չխորանա՞յ:

Եւ ի վերջոյ, եթէ կը խօսուի տարածքաշրջանի մէջ տնտեսական եւ հաղորդակցական ենթակառուցուածքներու վերականգնումին մասին, ապա ինչպէ՞ս սա իրականութիւն պիտի դառնայ առանց Կիւմրի-Կարս երկաթուղիին, հայ-թրքական երկու սահմանադռներու վերաբացման:

Եթէ մենք մտահոգուած ենք թրքական տնտեսական ընդարձակումով, ինչ որ առկայ է անշուշտ, կը շարունակենք մտածել անոր դիմադրել փա՞կ սահմաններով: Եթէ այո, ապա սա որքա՞ն ժամանակ կը տեւէ, աւելի ճիշդ՝ ե՞րբ կու գայ այն օրը, երբ մենք պատրաստ կ՚ըլլանք:

Մտածելու հարցեր են: Ցաւօք, նոյնիսկ 44-օրեայ պատերազմի պարտութենէն ետք չես կրնար հայրենակիցներուդ հետ այս հարցերը անկեղծօրէն քննարկել, քանի որ բանավէճը շատ արագ կը տեղափոխուի դէպի յաղթողի-պարտուողի, հայրենասէրի-դաւաճանի հարթութիւն, ուր, մեծ հաշուով, չկայ բանավէճ ու չկայ ըսելիք, որովհետեւ ի սկզբանէ յայտնի են հայրենասէրներն ու դաւաճանները, յաղթածներն ու պարտուածները: Եթէ մենք մեր մէջ չենք կարողանար քննարկել այս ցաւալի հարցերը, ապա ինչպէ՞ս պիտի քննարկենք զանոնք թուրքերու հետ:

Թէ՞ միշտ պէտք է արժանանանք Ալեքսանդրապոլի եւ կամ 2020-ի նոյեմբերի 10-ի անձնատուութիւններուն:

Մտածելու բան է:

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2021