«ԶԱՐՄԱՆԱԶԱՆ-2022»Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՉԱԿԱՆ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԵՑԱՆ ԼԻԶՊՈՆԷՆ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը երէկ մամլոյ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ներկայացուց այս տարուայ «Զարմանազան» ծրագրին վերաբերեալ մանրամասնութիւնները։ Այսպէս, 2022 տարեշրջանի «Զարմանազան»ին համար արձանագրութիւնները արդէն սկսած են։ Այս՝ արեւմտահայերէնով ամառնային ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու «Օթ-Սաւուա» կոչուած շրջանը, 11 յուլիս-6 օգոստոս 2022-ին։

«Զարմանազան»ը կ՚ընձեռէ այնպիսի միջավայր մը, ուր վայելքով՝ լեզուն կ՚իւրացուի ու այս նպատակով կը հաւաքուին սփիւռքի երեխաները, երիտասարդները, ուսուցիչները եւ ուղեկիցները։ Ծրագիրը ունի երեք բաղադրիչներ, որոնք սերտօրէն առընչուած են իրարու հետ։ Առաջինն է՝ 10-17 տարեկան երեխաներու եւ պատանիներու համար նախատեսուած ծրագիրը։ Երկրորդն է՝ 18-24 տարեկան երիտասարդներու համար նախատեսուած ծրագիրը։ Երրորդն է՝ սփիւռքի արեւմտահայերէնով դասաւանդող ուսուցիչներուն ուղղեալ համալսարանական ծրագիրը։

Պատանիները եւ երիտասարդները ըստ իրենց տարիքին զանազան աշխատանոցներու պիտի մասնակցին. ինչպէս՝ տեսողական եւ լսատեսողական արուեստներ, արհեստներ, երաժշտութիւն, մարմնային եւ թատերական արտայայտութեան զարգացում, ազատ գրութեան եւ գրական ընթերցումներու նուիրուած նիստեր, խմբային խաղեր, բնութեան մէջ պտոյտներ եւ ճամբորդութիւններ։

Բոլոր նիստերուն ու աշխատանոցներուն ընթացքին յարաբերութեան եւ հաղորդակցութեան լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը՝ մասնագէտ ու տաղանդաւոր ուղեկիցներու ներկայութեամբ։ Երիտասարդներու խումբին մասնակիցները պէտք է միջին մակարդակով հայերէն գիտնան։ Այս երկու ծրագիրներու մասնակիցներուն թիւը սահմանափակ է։ Ուստի, կազմակերպիչները կը խնդրեն նկատի առնել նաեւ արձանագրութիւններուն ժամկէտը՝ մինչեւ մարտի 6-ը։

Ինչ կը վերաբերի սփիւռքի արեւմտահայերէնով դասաւանդող ուսուցիչներուն ուղղեալ խտացեալ ծրագրին՝ ապա անոր մէկ մասը տեղի կ՚ունենայ «Զարմանազան»ի ընթացքին, իսկ միւս մասը առցանց՝ տարուան տեւողութեան եւ կ՚աւարտի ԻՆԱԼՔՕ-ի կողմէ վկայագրի մը յանձնումով։ Ծրագիրը կը վարեն մասնագէտներ, որոնք կ՚առաջարկեն թէ՛ տեսական դասաւանդութիւն մը եւ թէ վերապատրաստութեան խմբային աշխատանքներ։ Այս ծրագրին միայն 15 ուսուցիչ պիտի ընդունուի։ Կազմակերպիչները կը խոստանան սոյն նախագծին եւ արձանագրութիւններուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ հրապարակել մօտաւոր ապագային։

Քորոնաժահրի համաճարակին առընչութեամբ՝ ճամբարին կազմակերպութիւնը պիտի հետեւի Ֆրանսայի առողջապահական պարտադիր կանոններուն. զգուշաւոր շարժուձեւեր, մաքրութիւն, հականեխում, բժշկական հսկողութիւն եւ այլ կանոններ, որոնք մանրամասն հրապարակուած են։ Ինչ կը վերաբերի մասնակիցներու պատուաստումին՝ ապա ի զօրու պիտի ըլլան նոյնպէս Ֆրանսայի մէջ հաստատուած կանոնները։ Կազմակերպիչները կը խնդրեն, որ մասնակիցները տեղեկանան իրենց բնակած երկիրներէն դէպի Ֆրանսա ճամբորդութեան կանոններուն։

Արձանագրութիւններու եւ այլ տեղեկութիւններու համար «www.zarmanazan.com» կայքէջը պէտք է այցելել։

«Զարմանազան» մանկավարժական ծրագիրը ստեղծուած է 2017-ին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքին կողմէ՝ որպէս արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման նախագծի բաղադրիչներէն մին։ Ան կը կազմակերպուի Լիոնի «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան եւ Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային կաճառի (ԻՆԱԼՔՕ) համագործակցութեամբ։ «Զարմանազան» ծրագիրը վաւերացուած է Ֆրանսայի Երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարարութեան կողմէ։

Ուրբաթ, Փետրուար 4, 2022