Կիրակի 2, Փետրուար 2025
ՊԱՂԱՐԻՒՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ այցելեց Քիեւ, ուր հիւրընկալուեցաւ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի կողմէ։ Էրտողանի այցը զուգադիպեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Ուքրայնայի տագնապին ընթացքը կը բնորոշէ միջազգային օրակարգը եւ համաշխարհային յառաջատար դերակատարները սաստիկ ճնշում կը բանեցնեն Ռուսաստանի վրայ։ Նախագահ Էրտողան երէկ պաղարիւնութեան կոչ ուղղեց թէ՛ Մոսկուային եւ թէ Քիեւին։
Անգարա վերջին շրջանին կը բարձրաձայնէ իր պատրաստակամութիւնը՝ Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ միջնորդ դառնալու համար։
Ուրբաթ, Փետրուար 4, 2022