ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒԷՆ ԵՒ ՔԵՐՈՎԲԵԱՆԷՆ ԴՐԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Կովկասի մէջ Հայաստան-Ատրպէյճան պատերազմէն յետոյ խաղաղութեան ու կայունութեան համար կարեւոր հնարաւորութիւն մը ի յայտ եկած է։ Նախարարի խօսքով՝ Թուրքիոյ նպատակն է, որ Հարաւային Կովկասը եւս ըլլայ խաղաղութեան ու կայունութեան տարածաշրջան մը։ Անգարա եւ Պաքու այս ուղղութեամբ անկեղծ քայլեր կ՚առնեն, նաեւ կը քաջալերեն Երեւանը։ «Ես կը հաւատամ, թէ Հարաւային Կովկասը յառաջիկային պիտի ըլլայ տարածաշրջան մը, ուր պիտի խօսուի զարգացման, կայունութեան եւ խաղաղութեան մասին», ըսաւ Չավուշօղլու՝ Իսթանպուլի մէջ Արժանթինի պաշտօնակցին հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ։
Իր կարգին, Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերովբեանն ալ «Արմէնփրէս» գործակալութեան յայտնեց, որ եթէ աշխարհաքաղաքական հանգամանքները Երեւանին ի օգուտ դասաւորուին եւ բացուի Թուրքիոյ հետ սահմանը, ապա ամբողջ երկիրը պիտի զգայ այդ բանին դրական ազդեցութիւնը։ «Թուրքիոյ հետ սահմանի բացումը պիտի ապահովէ տնտեսական բարձր աճ, որովհետեւ թրքական շուկան, հաղորդակցութիւններու բացումը պիտի տայ լայն հնարաւորութիւն, հասանելիութիւն՝ թէ՛ թրքական շուկային եւ թէ դէպի Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներ ապրանքներ տեղափոխելու համար։ Այս ամբողջը, բնականաբար, պէտք չէ տեղական, փոքր պատկերով դիտել։ Սա մեծ պատկերի մը փոքր մասն է», ըսաւ նախարարը։
ՊԱԼԹԵԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐԷՆ ԸՆԴՎԶՈՒՄ
Միւս կողմէ, Լաթվիոյ վարչապետ Քրիսիանիս Քարինս երէկ Թալլինի մէջ Պալթեան միւս երկիրներու վարչապետներուն հետ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Պալթեան երկիրները Ռուսաստանի դէմ սահմանուած խիստ պատժամիջոցներու ամենաեռանդուն ջատագովները կը հանդիսանան։ Քրիսիանիս Քարինս երէկ պնդեց, որ առեւտրականները Թուրքիան, Ղազախիստանը եւ Հայաստանը կ՚օգտագործեն Ռուսաստանի դէմ Եւրոմիութեան կողմէ սահմանուած պատժամիջոցները շրջանցելու համար։ «Շատ կարեւոր է նկատել այդ սողանքները։ Վիճակագրութիւնը վերլուծելու պարագային տեսանելի կը դառնայ, որ Ղազախիստանի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ որոշ բնագաւառներէ ներս առեւտուրը շատ բարձր կ՚աճի, համեմատելի չէ անցեալի մէջ արձանագրուած տուեալներու հետ։ Ակնյայտ է, որ առեւտրականները պատժամիջոցներու չհետեւող այդ երկիրներէն ներս կը գտնեն օրինական գործարքներ ընելու ուղիներ եւ յաջորդ քայլափոխին ապրանքը Ռուսաստան կ՚ուղարկեն», ըսաւ ան, առանց յստակ օրինակներ նշելու։