ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՐԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՆՍԱՄՊԼԸ ԱՊՐԻԼԻ ՎԵՐՋԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանը եւ նոյն միութեան հովանիին ներքեւ գործող «Մարալ» համոյթի պարուսոյց Կարպիս Չափքանը։ Գումգաբուի մէջ համոյթի պատասխանատուները Նորին Սրբազնութեան բացատրութիւններ տուին նոր ծրագրի մը մասին, որ կը հասուննայ ներկայիս։ Այսպէս, յառաջիկայ Ապրիլի վերջաւորութեան Հայաստանի Պարի պետական անսամպլէն 55 հոգինոց խումբ մը պիտի այցելէ Իսթանպուլ։ Քաղաքիս «Քիւլթիւր» մշակոյթի կեդրոնին մէջ հիւր խումբը եւ «Մարալ»ի անդամները միասնաբար ելոյթ մը պիտի ունենան։
Նորին Սրբազնութիւնը հետաքրքրութեամբ լսեց իրեն ներկայացուած բացատրութիւնները, ուրախութիւն յայտնեց այս ծրագրին շուրջ եւ «Մարալ»ի անդամներուն յղեց իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը։