ԱՐՑԱԽԷՆ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեան յայ­տա­րա­րեց, որ մարդ­կա­յին ող­բեր­գու­թիւն­նե­րու եւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու մա­սին խօ­սե­լու ժա­մա­նակ պէտք է խու­սա­փիլ զա­նոնք քա­ղա­քա­կան շա­հար­կում­նե­րու ա­ռար­կայ դարձ­նե­լէ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ, նա­հա­տա­կած յու­շա­հա­մա­լի­րին մօտ ան մաս­նակ­ցե­ցաւ Սում­կայ­թի ջար­դե­րու զո­հե­րուն ի յի­շա­տակ կազ­մա­կեր­պուած ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան։ Իր յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցե­լէ վերջ Կա­րէն Միր­զո­յեան զրու­ցեց զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Ան այս առ­թիւ յայտ­նեց, որ հնա­րա­ւոր չէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը կար­գա­ւո­րել՝ ան­տե­սե­լով մար­դոց ի­րա­ւունք­ներն ու ճա­կա­տա­գի­րը։ «Սա ուղ­ղա­կի ա­նըն­դու­նե­լի է։ Սա հա­կա­ռակ ըն­թացք ու­նի մարդ­կա­յին բա­նա­կա­նու­թեան եւ խղճի բո­լոր կա­նոն­նե­րուն։ Մենք միշտ պի­տի շա­րու­նա­կենք խօ­սիլ Սում­կայ­թի ցե­ղաս­պա­նու­թեան, Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քի հա­յա­շատ բնա­կա­վայ­րե­րէն ներս ի­րա­կա­նա­ցուած էթ­նիք զտում­նե­րուն մա­սին, ո­րով­հե­տեւ նման ան­պատ­ժե­լիու­թիւ­նը յղի է նոր վտանգ­նե­րու։ Ան պա­րարտ հող կը նա­խա­պատ­րաս­տէ նոր ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու հա­մար։ Մենք ան­ցեալ տա­րի Ապ­րի­լին ա­կա­նա­տես ե­ղանք, թէ ինչ­պի­սի ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն­ներ կա­տա­րած են մե­րօ­րեայ ցե­ղաս­պան­նե­րը։ Պէտք է ձեռ­նար­կենք բո­լոր մի­ջոց­նե­րուն՝ նման սահմռ­կե­ցու­ցիչ ե­րե­ւոյթ­նե­րը յետ այ­սու կան­խե­լու հա­մար», ը­սաւ Միր­զո­յեան։ Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն տե­ւո­ղու­թեան ան յայտ­նեց, որ փախս­տա­կան­նե­րու հար­ցը եւս պէտք է մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին գտնուի։ «Փախս­տա­կան­նե­րու հար­ցին մէջ մեր մօ­տե­ցու­մը հե­տե­ւեալն է. ո­րե­ւէ կար­գա­ւոր­ման ձեւ, ան­պայ­ման, պէտք է նե­րառ­նէ իր մէջ ա­նոնց ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թիւ­նը։ Հնա­րա­ւոր չէ այն­պի­սի կար­գա­ւո­րում մը, ո­րով պի­տի ան­տե­սուին մար­դոց ի­րա­ւունք­նե­րը, ճա­կա­տագ­րե­րը։ Ի­րա­կան վի­ճա­կին ծա­նօթ շատ մար­դիկ կան եւ ա­նոնց հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լով՝ պէտք է աշ­խա­տինք հան­րու­թեան մէջ տա­րա­ծել ճշմար­տու­թիւ­նը։ Այդ գոր­ծը ոչ միայն պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րու պար­տա­ւո­րու­թիւնն է, այլ իւ­րա­քան­չիւր հա­յու։ Բաւ է սահ­մա­նա­փա­կուիլ ան­հաս­ցէ կո­չե­րով։ Ա­նոնք ուղ­ղա­կի ճա­նան­պարհ կը հար­թեն հե­տա­գայ լա­րուա­ծու­թիւն­ներ ստեղ­ծե­լու հա­մար։ Պէտք է ան­յա­պաղ քայ­լե­րու ձեռ­նար­կենք, որ­պէս­զի կեան­քի կո­չուին 1994-1995 թուա­կան­նե­րու հրա­դա­դա­րի հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը եւ ան­ցեալ տա­րի Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը», ը­սաւ Կա­րէն Միր­զո­յեան։

Ի լրումն այս բո­լո­րին, «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ ալ Կա­րէն Միր­զո­յեան մատ­նան­շեց, որ ան­ցեալ տա­րի Ապ­րի­լին հա­կա­մար­տու­թեան սրու­մէն վերջ կանգ ա­ռած է բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը։ Ան ը­սաւ. «Գի­տէք՝ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցէն ներս առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը հիմ­նա­կա­նին մէջ ձե­ւա­ւո­րուե­ցաւ Ապ­րի­լի քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մէն յե­տոյ՝ Ատր­պէյ­ճա­նի բռնու­թեան հե­տե­ւան­քով եւ ա­նոր հե­տե­ւած շրջա­նին, երբ Ատր­պէյ­ճան ձեռ­նար­կեց հնա­րա­ւոր բո­լոր մի­ջոց­նե­րուն՝ փոր­ձե­լով ա­ղա­ւա­ղել հա­կա­մար­տու­թեան էու­թիւ­նը, փոր­ձե­լով իր իսկ պատ­կե­րա­ցու­ցած յաղ­թա­նա­կէն քա­ղա­քա­կան կարգ մը շա­հեր քա­ղել։ Մենք հա­մո­զուած ենք, որ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը այ­լընտ­րանք չու­նի։ Սա ոչ միայն Ար­ցա­խի տե­սա­կէտն է, այլ կրնանք ը­սել, որ ընդ­հա­նուր առ­մամբ հայ­կա­կան տե­սա­կէտն է։ Եր­կու հայ­կա­կան պե­տու­թիւն­ներ ու­նին այս հա­մո­զու­մը, նաեւ հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րը եւ ամ­բողջ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը։ Այդ ա­ռու­մով Ատր­պէյ­ճան, իր ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան քայ­լե­րով, իս­կա­պէս կրնանք ը­սել, որ յայտ­նուած է ե­թէ ոչ մե­կու­սաց­ման մէջ, ա­պա այն­պի­սի ի­րա­վի­ճա­կի մը մէջ, որ կը խօ­սի լե­զուով մը եւ այդ լե­զուն խիստ կը տար­բե­րուի ամ­բողջ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան լե­զուէն»։

Միր­զո­յեան մեկ­նա­բա­նեց նաեւ այն հան­գա­ման­քը, թէ ին­չո՛ւ յա­ռա­ջըն­թաց չկայ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցէն ներս։ «Գաղտ­նիք չէ, մե­ղա­ւո­րը կրկին Ատր­պէյ­ճանն է, որ իր իսկ ստանձ­նած պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն կը հրա­ժա­րի ու կը փոր­ձէ ընտ­րո­վի մեկ­նա­բա­նել ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը, կը փոր­ձէ թե­լադ­րել մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան, միջ­նորդ­նե­րուն, հայ­կա­կան կող­մե­րուն իր իսկ պատ­կե­րա­ցու­մը, թէ ինչ­պէս պէտք է ըն­թա­նայ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը, թէ ինչ­պէս պէտք է ի­րա­գոր­ծուին ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը», եզ­րա­փա­կեց ան։ 

Շաբաթ, Մարտ 4, 2017