ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՕՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին հնարաւոր դարձած է նոր որակ մը հաղորդել Վրաստանի հետ համագործակցութեան։

Նիկոլ Փաշինեան, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թիֆլիզ, երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Ան զինուորական պաշտօնական արարողութիւնով դիմաւորուեցաւ իր վրացի պաշտօնակցին՝ Կիորկի Կախարիայի կողմէ։ Երկու վարչապետները ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Անոնք հանդէս եկան նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը։

Նիկոլ Փաշինեան օրուան տեւողութեան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի, խորհրդարանի նախագահ Արչիլ Թալաքվածէի, ինչպէս նաեւ Իլիա Բ. Համայն Վրաստանի Կաթողիկոս-պատրիարքին հետ։ Թիֆլիզի մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ ալ համախմբուեցաւ Նիկոլ Փաշինեան, որ ըսաւ. «Հայութիւնը ունի բաւարար ներուժ, որպէսզի երաշխաւորէ անկախ, հզօր հայկական պետութեան գոյութիւնը»։

Թիֆլիզի շփումներուն ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ Վրաստանի հետ յարաբերութիւններու վերաբերեալ Հայաստանի պատկերացումները ռազմավարական են։ Բարձր մակարդակի բանակցութիւններուն ժամանակ շեշտուեցաւ, որ երկու երկիրները ունին հսկայական չօգտագործուած ներուժ։ Միեւնոյն ժամանակ, Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ Հայաստան-Վրաստան գործընկերութիւնը տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան կարեւոր երաշխիքներէն մին կը համարուի։ Հայաստանի վարչապետը համոզուած է, թէ Վրաստանի հետ յարաբերութիւնները կրնան գնահատուիլ աննախադէպ լաւ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2020