ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Թիֆլիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի հետ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնական այցելութեան առթիւ Թիֆլիզ մեկնած Մնացականեան վրացի պաշտօնակցին հետ քննարկեց զանազան հարցեր։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները բարձր գնահատեցին կողմերու միջեւ հաստատուած համագործակցութիւնը բազմակողմանի հարթակներու վրայ՝ ներառեալ Եւրոխորհուրդը, Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան նախաձեռնութեան շրջանակը։ Անոնք ուղենշեցին նաեւ երկկողմանի օրակարգի առաւել հարստացման եւ ամրապնդման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերը։
Մնացականեան եւ Զալքալիանի անդրադարձան տարածքաշրջանային եւ միջազգային հրատապ հարցերուն, ինչպէս նաեւ նոր տիպի Քորոնաժահրի տարածման կանխարգիլման ուղղութեամբ ձեռնարկուած համատեղ քայլերուն։
Նախարարները քննարկեցին տարածքաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան խնդիրներ։ Այս ամբողջին մէջ Մնացականեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերաբերեալ հայկական կողմի գնահատականներն ու դիրքորոշումները։