ՔԱՌՕՐԵԱՅ ԺՈՂՈՎՆԵՐ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը՝ բարձր նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի։ Որպէս ատենապետ այս նստաշրջանին կը մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ այս օրերուն իր անդրանիկ այցելութիւնը կու տայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ինչպէս հաղորդած էինք, բացառապէս այս անգամուան ժողովին կը մասնակցի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան։ Նստաշրջանը բացուեցաւ աղօթքով եւ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան խօսքով։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը ուրախութեամբ ընդգծեց, որ պատրիարքի հանգամանքի մէջ առաջին անգամ ԳՀԽ-ի ժողովին իր մասնակցութիւնը կը բերէ Պոլսոյ Աթոռի նորընտիր գահակալը։ Այս առթիւ ան կրկնեց իր բարեմաղթութիւնները՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ուղղեալ, որպէսզի Տիրոջ օգնականութիւնն ու զօրակցութիւնը ունենայ իր հետ իր առաքելութեան արդիւնաւոր իրականացման համար։ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց նաեւ Պերճ Սեդրակեանի ներկայութիւնը եւ գոհունակութեամբ հաստատեց ՀԲԸՄ-ի կողմէ մշտապէս ցուցաբերուած զօրակցութիւնը՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առաքելութեան ի նպաստ։ Վեհափառ Հայրապետը ամփոփ ձեւով անդրադարձաւ նաեւ ԳՀԽ-ի նստաշրջանի ընդարձակ օրակարգին վրայ ընդգրկուած հարցերուն, որոնք կը վերաբերին մեր եկեղեցական կեանքին, հայոց եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդը յուզող զանազան խնդիրներուն։

Քառօրեայ նստաշրջանի օրակարգին վրայ ընդգրկուած են Ազգային-եկեղեցական ժողովի կազմակերպման աշխատանքներուն, Մայր Տաճարի ամրակայման ու հիմնանորոգման ընթացքին, այս առիթով կազմակերպուած համազգային հանգանակութեան, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ վարչական, կանոնական եւ հով-ւական կեանքին, կրթական եւ ընկերային առաքելութեան վերաբերեալ զանազան հարցեր։

ԳՀԽ-ի նստաշրջանին ժամանակ կը ներկայացուի նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի 2019 թուականի գործունէութեան տեղեկագիրը, կը լսուին հոգեւոր-վարչական գործունէութեան զեկոյցը, ելմտական հաշուետուութիւնը եւ վերստուգիչ յանձնախումբի տարեկան հաշուետուութիւնը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2020