ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԿՆԱԿԱՄԱՐԻՆ ՆՈՐ ԱՄՊԵՐ ԿԱՄ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱՑՈՒՄԸ ՄԵԾ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ

Լիբանանի մէջ «նոր» ականը մէջտեղ կը բերուէր ճիշդ այն պահուն, երբ Մարոնիթ համայնքի գլխաւոր պետը՝ Ռահի Պատրիարք, կիրակնօրեայ իր պատգամներէն մէկուն ընթացքին կը խօսէր «Լիբանանեան խնդիր»ը միջազգային հարթակի ճամբով լուծելու ընտրանքներուն մասին։

Այդ յղացքը, որ բաւականին հին արմատներ ունի, կը կոչուի «Թատուիլ» (միջազգայնացում), որուն հիմքով ալ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը կրնայ գումարել արտահերթ ժողով մը. այդ ժողովի աւարտին նկատելով, որ Լիբանանի «գործերը» լաւ չեն ընթանար, ստեղծել յատուկ մարմին մը, որ պիտի զբաղի երկրի հարցերը լուծելով։

Բնականաբար, երբ «Լիբանանի խնդիր» կ՚ըսենք, շատերուս մտքին կ՚ուրուագծուի «Հիզպուլլահ»ի պարագան, որ վերջին տարիներուն ալ շնորհիւ Արեւմտեան պլոքի լրատուական «դրդումներուն»՝ դարձաւ Մերձաւոր Արեւելքի կափարիչը բացող թիւ մէկ «թրենտ»։

Նորութիւն մը չէ, անշուշտ, որ Պէյրութը ինչպէս երէկ, այսօր եւս կը շարունակէ հանդիսանալ մեծ պայքարներու, նաեւ տարածքաշրջանին մէջ մեծ պայքար տանողներու գերտէրութեանց կիզակէտ։

Այսօր պարզապէս անուններն են փոխուած եւ ընդհանուր ուղղութիւնները, ընդհանուր գիծերն ու մօտեցման յենակէտերը կը շարունակեն մնալ նոյնը։

Երէկ թիրախը Պաղեստինի ճակատն էր, որ ինչ-ինչ պատճառներով եւ յաճախ հասկնալիօրէն դարձած էր լիբանանցի քրիստոնեաներուն «աչքի փուշ»ը, այսօր այդ վիճակը չկայ, սակայն գոյութիւն ունի սուր պայքար, մէկ կողմէ սիւնիի-արեւմտուք «պայմանական» եւ նոյնիսկ «շահակցական» դաշինքին, իսկ միւս կողմէ ալ գաղափարական հենք ունեցող շիի-ռուսական դաշինքին միջեւ։

Բացի այս երկուքէն, միւս խաղացողները, պարզապէս, փոքր մանրամասնութիւններ են, որոնք բաւականին անուժ են եւ յաճախ ալ կը պայքարին իրենց գոյութիւնը պահպանելու համար։

Մինչ երէկ Լիբանանի միաւորուած գոյութեան մեծ վտանգ կը սպառնար պաղեստինեան զինեալ ներկայութիւնը, այսօր այնպէս մը խմբագրուած է դրուածքը, որուն հիմամբ «Հիզպուլլահ» դարձած է հիմնական սպառնալիք՝ ազատական ընկալումներու համար պայքարող երկրի միւս հատուածին համար։

Եթէ մէկ կողմ դնենք յառաջ քշուած թեզին վիճարկելիութեան հիմնական երեսակները, տեղ մը անպայման պիտի ընդունինք եւ բացայայտ կերպով ըսենք, որ ինչ-ինչ լարուածութիւններէ եւ բաւականին տարողունակ զարգացումներէ ետք Լիբանանի հասարակութիւնը տեղ մը հորիզոնական գիծով եւ նոյնիսկ զիրար չհասկնալու կամ չհանդիպելու «կարելիութեամբ» կիսուած է երկուքի։ Անոնք, որոնք կը հաւատան եւ կը յարգեն «Հիզպուլլահ»ի զէնքը, որ անկախ ամէն տեսակի մեղադրանքներէ Լիբանանին տուաւ գերիշխանութեան եւ հպարտութեան իրաւունքը եւ անոնք, որոնք երկրի բոլոր խնդիրները կը բարդեն այդ զէնքին վրայ եւ կ՚ուզեն նոյնիսկ վրէժ լուծել այդ զէնքէն։

Այս երկու կողմերը կան եւ անոնք յարաշարժ պայքարի, որուն կը ներքաշեն, կը մխրճեն շրջանային այն ուժերը, որոնց համար շատ կարեւոր է, թէ ո՛վ պիտի բռնէ Պէյրութի «ազդեցութեան երակ»ը իր ձեռքերուն մէջ։

Անշուշտ այս բոլորը վերջին քսան տարուան զարգացումներուն արդիւնքով ամրապնդուեցան, սակայն մտահոգիչը այն է, որ նոյն «Հիզպուլլահ»ի զէնքին հարցը, անոր օրինականութեան կամ ոչ-օրինականութեան, հետեւաբար նաեւ «Լիբանանի խնդիր»ը ամբողջ աշխարհի դատին ներկայացնելու միտումը դուրս կը սահի, այս անգամ երկրի քրիստոնեաներու թիւ մէկ պատասխանատուի բերնէն։ Այս պարագան ալ տեղի կու տայ մտածելու, որ Լիբանանին համար նախատեսուած է բաւական «իւղոտ» եւ նոյնիսկ մեծ խլրտումներով «եփուած» ճաշ մը, որուն եփուիլն ու կարճ ժամանակի մէջ «թափուիլ»ը փորձանք պիտի դառնայ ո՛չ միայն Լիբանանին, այլեւ՝ ամբողջ շրջանին համար։

Պատկերը ամփոփելու համար հարկ է անպայման շեշտադրել, որ մինչ Ռահի Պատրիարք կը փորձէ աշխարհը օգնութեան «կանչել», որպէսզի «լուծուի» Լիբանանի թնճուկը, իսկ անդին «Հիզպուլլահ»ի առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլա շատ ինքնավստահ կերպով կը յայտարարէ, որ Լիբանանի խնդրի լուծման իրական բանալիները կը գտնուին միմիայն լիբանանցիներուն մօտ։ Իբր այդ ալ, լիբանանցիք պարտաւոր են ընտրել կայուն եւ տեղ հասցնող ճանապարհը, որպէսզի հեռու պահեն երկիրը ամեհի եւ նոյնիսկ կործանարար ցնցումներէ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 4, 2021