ՆՈՐ ՎԻՃԱԿՈՎ ՇՓՈՒՄ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի փոխ-վարչապետ ու Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանին։ Այս պաշտօնական այցելութիւնը ուղղուած էր Թուրքիա-Վրաստան յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերեալ որոնումներու եւ տարածքաշրջանային հարցերու քննարկման։ Զալքալիանի շփումներուն ընթացքին յայտարարեց, որ Անգարա-Թիֆլիզ յարաբերութիւնները կարեւոր փուլ մը կը թեւակոխեն։ Տարածքաշրջանային վերջին զարգացումները կը պահանջեն սերտ համագործակցութիւն եւ դիրքորոշումներու ճշգրտում։ Զալքալիանի յայտնեց, որ Չավուշօղլուէն հրաւէր ստացած է՝ տարածքաշրջանի հարցերը քննարկելու համար։ Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիա եւ Վրաստան շարք մը համատեղ ծրագրեր կ՚իրականացնեն՝ Ատրպէյճանի հետ։ Այս երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները վերջերս հանդիպում մը պիտի ունենային Պաքուի մէջ, սակայն Վրաստանի ներքին քաղաքական իրադարձութիւններով պայմանաւորուած՝ այդ մէկը յետաձգուած էր։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմէն վերջ Հարաւային Կովկասի պարագային կը ձեւաւորուին նոր հաւասարակշռութիւններ։ Այս ամբողջին մէջ օրակարգի վրայ եկած է 3+3 ձեւաչափով նոր հարթակի մը ստեղծումը՝ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Իրանի, Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի ներգրաւումով։ Վրացական կողմը ի սկզբանէ վերապահութիւն ցուցաբերած է այս ուղղութեամբ։ Յամենայնդէպս, Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկուան այցելութեան ընթացքին արծարծեց այս պարագան։ Ըստ իրեն, աւելի վաղ առաջարկուած 3+3 հարթակի նպատակը տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութիւնը կայուն դարձնելն է։ Այս հարթակի ձեւաւորումով կը նախատեսուի քայլերու ձեռնարկել՝ լոժիսթիքի, տնտեսութեան եւ ուժանիւթի ոլորտներու ծրագրերու վերաբերեալ։ Ըստ Չավուշօղլուի, թրքական կողմը այս հարցին շուրջ կը յարգէ Վրաստանի դիրքորոշումը։

Զալքալիանիի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Մեւլիւտ Չավուշօղլու դիտել տուաւ, որ Հարաւային Կովկասի կայունութիւնը շատ կարեւոր է Թուրքիոյ համար։ Իր խօսքով, Թուրքիա Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան կ՚աջակցի այնքան՝ ինչքան Ատրպէյճանի պարագային։

Իր կարգին, Տաւիտ Զալքալիանի Անգարայի մէջ յայտնեց, որ Թիֆլիզ ներկայիս երկխօսութեան հարթակ կ՚առաջարկէ Երեւանին եւ Պաքուին՝ տարածքաշրջանի զարգացման վերաբերեալ։ Ան խօսեցաւ Հարաւային Կովկասի երեք երկիրներու՝ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու կարգաւորման մեկնարկին եւ գործարար կապերու զարգացման ուղղեալ նախաձեռնութիւններու շուրջ։ Այդ երեք երկիրները պէտք է իրենք հոգ տանին տարածքաշրջանի մասին։ «Ո՞վ, եթէ ոչ մենք՝ Հարաւային Կովկասի երեք պետութիւններս, պէտք է որոշենք մեր տարածքաշրջանի ճակատագիրն ու ապագան», ըսաւ Զալքալիանի։

Հինգշաբթի, Մարտ 4, 2021