ՏԳԷՏ ԶԱՆԳՈՒԱԾԸ ԿԱՐԵԼԻ Է ԿԵՐԱԿՐԵԼ ՈՐԵՒԷ ՅԻՄԱՐՈՒԹԻՒՆՈՎ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՓՈԽԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՊԷՏՔ Է ՓՈԽԵԼ «ՓՈՂՈՑԸ»

Ամէն ժամանակաշրջան, ամէն հասարակութիւն յառաջ կը քշէ իր առաջնորդները։ 1990 թուականին «Ղարաբաղ» կոմիտէն եւ 2018 թուականին Փաշինեանն ու մնացեալ «քայլողները» իշխանութեան գլուխ եկան փողոցի միջոցաւ։ Հապա ի՞նչ է պատճառը, որ Երրորդ Հանրապետութեան հիմնադիրները (իրենց սխալներով հանդերձ) կարողացան սորվիլ, ըմբռնել պետական կառավարման եւ միջազգային յարաբերութիւններու էութիւնը եւ մասնաւորապէս՝ Արցախի հարցը չափազանց ծանր վիճակէ հասցնել համեմատաբար բարւոք մակարդակի՝ ապահովելով ռազմական յաղթանակներ, իսկ «քայլողները», ընդհակառակն՝ համեմատաբար բարւոք վիճակէ բերին տապալման ու պարտութիւններու։

Պատասխանը ինձ համար պարզ է. տարբեր են «փողոցը» եւ, համապատասխանաբար, տարբեր են նաեւ լիտերները։ 1988-90 թուականներու «փողոցը» յառաջ բերած է կրթուած լիտերներ (շնորհակալութիւն Խորհրդային համակարգին), 2018-ի փողոցը՝ անկապ, բայց «համոզիչ» խժխժացողները։ Թէ ինչ փոխուած է երեսուն տարի կրթութեան մէջ, ինչպէս նաեւ հայրենիքի եւ պետութեան ընկալումներուն մէջ՝ այս մասին ուրիշ անգամ մը։ Իսկ այստեղ բերեմ մասնաւոր օրինակ մը, որ, սակայն, շատ յատկանշական է։ Տգէտ զանգուածը կարելի է կերակրել որեւէ յիմարութիւնով։ Ըսենք՝ որ բանակցութիւններու արդիւնքով մենք կ՚ունենայինք այն նոյն արդիւնքը, որ կ՚ունենայինք պատերազմի մէջ պարտուելու հետեւանքով։ (…) Մէկ խօսքով՝ Հայաստանը փոխելու համար պէտք է փոխել «փողոցը»։

*

Վստահ եմ, թէ վերջին քսան տարիին, առնուազն մինչեւ 2020 թուականի սեպտեմբերի 27-ը մենք հնարաւորութիւն ունէինք երկրարատեւ հեռանկարով լուծել Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը՝ ապահովելով նախկին Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի ամբողջ տարածքէն ներս մեր հայրենակիցներու խաղաղ կեանքը եւ Հայաստանի հետ միջանցքը։ Բայց մեր ղեկավարները եւ մեր քաղաքական միտքը (ու ես ալ՝ բոլորի հետ միասին) ի զօրու չեղան երթալ այդ լուծումներու ճանապարհով։ Երկրորդ եւ երրորդ նախագահները կը գերադասէին խնդիրը «խորամանկօրէն» ձգձգել։ Ներկայ վարչապետը, չունենալով փորձառութիւն եւ գիտելիքներ ու չափէ դուրս բարձր կարծիք ունենալով սեփական «ռազմավարական տաղանդի» մասին, կ՚ընէր  այն ինչ, որ իր մօտ լաւ կը ստացուէր՝ կը զբաղէր ամբոխավարական հռետորաբանութեամբ, կը յոխորտար եւ կ՚աքլորանար։

Յեղափոխութիւն ընելու համար սա խիստ անհրաժեշտ է։ Իսկ պետութիւն ղեկավարելու պարագային եւ յատկապէս՝ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ, նման գործելակերպը պարզապէս մանկամտութիւն է։ Իսկական քաղաքականութիւնը՝ մէկ կողմէ եւ ծափահարութիւններու արժանացող բոցաշունչ ճառերն ու կենացները կամ սրտիկներ գրաւող ֆէյսպուքի եթերները տարբեր, երբեմն նաեւ՝ տրամագծօրէն տարբեր բաներ են։ Առաջինը կը պահանջէ իրավիճակներու վրայ ազդող գործօններու սթափ, յոյզերէ զուրկ հաշուարկ։

Այդպիսի հաշուարկներով հանդէս եկած է Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան 1997 թուականի սեպտեմբերի 26-ի մամլոյ ասուլիսին, նոյն թուականի նոյեմբերի 1-ին հրապարակած «Պատերա՞զմ, թէ խաղաղութիւն. լրջանալու պահը» յօդուածին մէջ 1998 թուականի յունուարի 8-ի Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստին, ինչպէս նաեւ 2017 թուականի խորհրդարանական ընտրարշաւի ժամանակ։ Կարելի է տարբեր կերպով վերաբերիլ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի անձին, որպէս նախագահ անոր վարած քաղաքականութեան, ընդդիմադիր դաշտէ ներս անոր գործունէութեան։ Բայց ոեւէ չնախապաշարուած մարդ, եթէ չաճապարէ եւ կարդայ նշեալ նիւթերը, կը տեսնէ, որ իր հաշուարկները ճիշդ էին։ Որոշ չափով յոյս ունիմ, թէ հիմա ալ Տէր-Պետրոսեան հանդէս կու գայ նման վերլուծութեամբ, որ ցոյց կու տայ այսօրուայ աղիտալի վիճակէն դուրս գալու ճանապարհը։ Եթէ, ի հարկէ, այդպիսի ճանապարհ մը կայ։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի 27 եւ 30 յունուար 2021 թուականներու խմբագրականներու համադրութիւն

Հինգշաբթի, Մարտ 4, 2021