ՏԵՍԱԺՈՂՈՎ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռավար տեսակցութիւն մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Տեսաժողով մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին շօշափուեցան Թուրքիա-Ֆրանսա յարաբերութիւնները եւ տարածքաշրջանային զանազան նիւթեր։ Անգարա-Փարիզ առանցքին վրայ վերջին շրջաններուն միջազգային հրատապ հարցերու կապակցութեամբ յառաջացած են տարակարծութիւններ եւ լարուածութիւններ, որոնցմով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ երկու երկիրներու ղեկավարները շուրջ կէս տարիէ ի վեր ուղղակի շփում չէին ունեցած։ Այդ անհամաձայնութիւններու շարքին էր նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Մօտաւոր անցեալի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Մաքրոն բազմիցս քննադատած էր Թուրքիան՝ Ատրպէյճանին բացայայտ աջակցելու, ԵԱՀԿ-ի միջնորդական ջանքերը խարխլելու, ինչպէս նաեւ Սուրիայէն վարձկաններու հակամարտութեան գօտի տեղափոխման համար։

Այս բոլորէն վերջ երէկ տեղի ունեցած տեսաժողովը նոր սկիզբ մը կը համարուի երկկողմանի յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան նշեց, որ Մաքրոնի հետ երկար ընդհատումէ մը վերջ վերստին կը տեսակցին եւ անոր անձին մէջ կ՚ողջունէ ֆրանսացի ժողովուրդը։ Ըստ Էրտողանի, Թուրքիա մօտէն կը հետեւի Ֆրանսայի՝ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ մղած պայքարին։ «Յանուն իմ ազգին ու երկրին, ցաւակցութիւն կը յայտնեմ համաճարակի զոհ գացած Ֆրանսայի քաղաքացիներուն համար», նշած է Էրտողան եւ ընդգծած՝ որ Թուրքիա թափով յառաջ կը տանի պատուաստումները եւ սկսած է հակակշռեալ բնականոնացման ուղղութեամբ քայլեր առնել։ Ցարդ մօտաւորապէս 10 միլիոն քաղաքացի պատուաստուած է Թուրքիոյ մէջ։

Նախագահ Էրտողան զրոյցի ընթացքին մատնանշած է, որ այս տարի Անգարայի համաձայնութեան ստորագրման 100-ամեակն է, Թուրքիա-Ֆրանսա յարաբերութիւններուն մէջ միշտ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է ղեկավարներու միջեւ հաստատուած երկխօսութիւնը։ Ֆրանսուա Ա. թագաւորի եւ Քանունի Սուլթան Սիւլէյմանի կողմէ նամակներու փոխանակումով հիմնադրուած բարեկամական յարաբերութիւնները յաջողութեամբ դուրս եկած են բազում փորձութիւններու ընդմէջէն։ Ուստի, Էրտողան ընդգծեց, որ Թուրքիա-Ֆրանսա համագործակցութիւնը ունի շատ լուրջ ներուժ մը։

Նախագահ Էրտողան դիտել տուած է, որ երկու երկիրները ՆԱԹՕ-ի հզօր դաշնակիցներ կը հանդիսանան։ Անոնք կարեւոր նպաստ կրնան ապահովել՝ Եւրոպայէն մինչեւ Կովկաս, Միջին Արեւելքէն մինչեւ Ափրիկէ, շատ լայն աշխարհագրական տարածքի մը անվտանգութեան, կայունութեան ու խաղաղութեան ուղղեալ ջանքերուն։ Անգարա եւ Փարիզ կրնան համատեղ քայլեր առնել նաեւ պայքարելու համար ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ, որոնք կը սպառնան երկու երկիրներուն եւ անոնց քաղաքացիներու կեանքի ու գոյքի անվտանգութեան։ «Մեր փափաքն է, որ այս բոլորին շուրջ Թուրքիա եւ Ֆրանսա զօրակցութեան մէջ շարժին», ըսած է նախագահ Էրտողան։

Պեշթեփէի աղբիւրներու հաղորդումներուն մէջ Մաքրոնի ըսածներուն վերաբերեալ անդրադարձ մը չէ կատարուած։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ֆրանսական կողմը արտայայտած է այն մօտեցումը, թէ բացի յայտարարութիւններէ, անհրաժեշտ է առնել յստակ քայլեր։ Ֆրանսական դիւանագիտական աղբիւրները մատնանշած են, որ թէ՛ Ֆրանսայի եւ թէ Եւրոմիութեան հասցէին թրքական կողմի վիրաւորական յայտարարութիւնները դադրած են ու վստահեցուած է, թէ անոնք չեն կրկնուիր, սակայն, երկկողմանի կապերու լիովին վերականգնումը կրնայ ապահովուիլ յստակ քայլերու ձեռնարկումով։

Հինգշաբթի, Մարտ 4, 2021