ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԴԷՄ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ

Լաչինի միջանցքը կը շարունակէ մնալ փակ։ Լեռնային Ղարաբաղ կտրուած է Հայաստանէն եւ ամբողջ աշխարհէն՝ Ատրպէյճանի կողմէ միջանցքի փակման հետեւանքով։ Արցախի պաշարումը արդէն երրորդ ամիսը թեւակոխելու վրայ է։ Կարմիր խաչի եւ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի ջանքերով հրատապ հիւանդներու կամ տարրական սահմանափակ բեռներու փոխադրումը շատ հեռու են մարդասիրական լուրջ աղէտը կասեցնելէ։ Ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ Երեւանի ղեկավարութիւնը միշտ պատգամներ կը հասցէագրէ միջազգային յառաջատար դերակատարներուն, որոնք կրնան ներազդել Պաքուի վրայ։

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պերլինի մէջ, իսկ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Նիւ Տելհիի մէջ ունեցան բազմաբնոյթ շփումներ։ Վարչապետը, որ նախօրէին Պերլինի մէջ տեսակցած էր իր պաշտօնակցին հետ, երէկ ալ ընդունուեցաւ Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայէրի կողմէ։ Ան տեսակցեցաւ նաեւ խորհրդարանականներու, վերլուծական կազմակերպութիւններու եւ գերմանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Իսկ Արարատ Միրզոյեան Նիւ Տելհիի մէջ մասնակցեցաւ «Ռաիսինա» երկխօսութեան միջազգային համաժողովին, որ կազմակերպուած էր Հնդկաստանի տանտիրութեամբ։ Ան Նիւ Տելհիի մէջ տեսակցեցաւ զանազան երկիրներէ պաշտօնակիցներուն հետ՝ մանաւանդ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի հետ։ Երեւան-Պրիւքսել առանցքի այս շփումը կարեւոր էր՝ քանի արդէն փետրուարի 20-էն ի վեր Հայաստանի մէջ, Ատրպէյճանի սահմանին վրայ պաշտօնապէս սկսած է Եւրոմիութեան դիտորդներու առաքելութիւնը։

Արցախի պաշարումով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ, ժամանակի դէմ որոնումներու բնոյթով այս շփումներուն ի շարունակութիւն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան Հարաւային Կովկասի գծով աւագ խորհրդական Լուիս Պոնօ կը պատրաստուի իրականացնել իր առաջին տարածաշրջանային այցելութիւնը։ Այսպէս, յառաջիկայ օրերուն ան իրերայաջորդ պիտի այցելէ Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբեր Նէտ Փրայս յայտնեց, որ ամիս մը առաջ պաշտօնի կոչուած Լուիս Պոնօ առաջին անգամ կը մեկնի Հարաւային Կովկաս։ Ուաշինկթըն կ՚ակնկալէ, որ յառաջիկային ան կանոնաւոր պարբերականութեամբ այցելէ տարածաշրջանի երեք երկիրները։ Ըստ բանբերին, Պոնօ կը նախատեսէ հանդիպումներ ունենալ Երեւանի, Թիֆլիզի եւ Պաքուի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ, անդրադառնալ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին աջակցելու եւ Վրաստանի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ ԱՄՆ-ի մշտական հաւատարմութիւնը յայտնելու։ Պոնոյի այցելութեան առաջին կանգառը պիտի ըլլայ Պաքուն, ուրկէ պիտի անցնի Երեւան եւ հուսկ՝ Թիֆլիզ։

Նէտ Փրայս շեշտեց, որ Պոնոյի այցելութիւնը հնարաւորութիւն պիտի ստեղծէ զարգացնելու համար այն երկխօսութիւնը, որ անցեալ ամսուան երկրորդ կէսին տեղի ունեցած էր Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ՝ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ, Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի ծիրէն ներս։ «Մենք, ինչպէս յայտարարուած է այդ եռակողմանի բանակցութիւններու աւարտին, ոգեւորուած ենք խաղաղութեան գործընթացէն ներս արդիւնաւէտօրէն ներգրաւուելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի վերջին ջանքերով։ Պրն. Պոնօ կը յուսայ, թէ պիտի կարողանայ զարգացնել այդ ջանքերը եւ այդպէս ընել, որ յառաջընթացը շարունակուի», ըսաւ բանբերը եւ աւելցուց, որ երեք մայրաքաղաքներուն մէջ ալ ամերիկացի դիւանագէտը պիտի ընդգծէ, թէ Ուաշինկթըն հաւատարիմ է Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի խաղաղ, ժողովրդավար եւ բարգաւաճ ապագան խթանելու նպատակին։

Ռուսաստան-Արեւմուտք առկայ լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ, Ուաշինկթընի առընթեր Մոսկուայի նախաձեռնութիւններն ալ կը շարունակուին տարածաշրջանին կապակցութեամբ։ Նիւ Տելհիի Միրզոյեան-Լաւրով երէկուան հանդիպումէն վերջ հաղորդուեցաւ, որ կողմերը ընդգծած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը բոլոր ուղղութիւններով աշխուժացնելու հրատապութիւնը։ Նախարարները կարծիքներ փոխանակած են տարածաշրջանային խնդիրներու շուրջ։ Ընդգծուած է, որ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւնները հիմք կը հանդիսանան հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Միրզոյեան եւ Լաւրով քննարկած են նաեւ Լաչինի միջանցքի Ատրպէյճանի կողմէ փակման եւ ելեկտրական հոսանքի խզման հետեւանքով Արցախէ ներս ստեղծուած իրավիճակը։ Ընդգծուած է պայմանաւորուածութիւններու կատարման եւ Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման անհրաժեշտութիւնը՝ խստօրէն հետեւելով 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեամբ ստանձնուած պարտաւորութիւններուն։ Միրզոյեան եւ Լաւրով յատկապէս խօսած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, սահմանազատման, սահմանային անվտանգութեան, տարածաշրջանէն ներս բոլոր տնտեսական ու փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին մասին։

Բաց աստի, Միրզոյեան-Պորել հանդիպման ընթացքին կարեւորուեցաւ Հայաստանէ ներս Եւրոմիութեան քաղաքացիական մշտադիտարկման առաքելութեան տեղակայումը։ Նախարարը եւ յանձնակատարը շօշափեցին նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան հարցերը։ Միրզոյեան զրուցակցին ներկայացուց Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին իրադարձութիւնները։ Ան ընդգծեց Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման հրամայականը՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով Արցախէ ներս ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին վրայ։ Այս ամբողջին մէջ կարեւորուեցաւ միջազգային հանրութեան աշխոյժ ներգրաւումը, որպէսզի Ատրպէյճան կեանքի կոչէ Միջազգային արդարադատութեան ատեանի վերջին դատավճիռը, որ իրաւական պարտադիր ուժ ունի։

Շաբաթ, Մարտ 4, 2023