ԱՅՑ ԴԷՊԻ ՄՈՍԿՈՒԱ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Մոսկուա, ուր պիտի հիւրընկալուի Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լավրովի կողմէ։ Ուղեւորութիւնը պիտի կայանայ Ապրիլի 7-8-ին։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ տեղեկացուց, թէ Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Սէրկէյ Լավրովի բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գան քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական բնագաւառներէ ներս հայ-ռուսական համագործակցութեան լայն շրջանակին վերաբերեալ հարցեր։ Կողմերը պիտի շօշափեն նաեւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան շրջանակներէն ներս համագործակցութեան խորացման շուրջ խնդիրներ։