Երկուշաբթի 25, Նոյեմբեր 2024
ԴԷՊԻ ԹԵՀՐԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Թեհրան, ուր պիտի հիւրընկալուի Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի կողմէ։ Այս այցը պիտի իրականանայ վերջին օրերուն երկու երկիրներու միջեւ ապրուած լարուածութենէն եւ Իրանի հիւլէական ծրագրին շուրջ ձեռք բերուած միջազգային համաձայնութենէն վերջ։
Շաբաթ, Ապրիլ 4, 2015