Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը 110 տարեկան

Ապ­րիլ 2016-ին Հայ­կա­կան Բա­րե­գոր­ծա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թիւ­նը (ՀԲԸՄ) կը դառ­նայ 110 տա­րե­կան։ Ար­դա­րեւ, տասնմէկ տաս­նա­մեակ­ներ ա­ռաջ Միու­թեան հիմ­նա­դիր-նա­խա­գահ Պօ­ղոս Նու­պա­րի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Ե­գիպ­տո­սի մէջ ծնունդ ա­ռած այս կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը տա­րուէ տա­րի ուռ­ճա­նա­լով այ­սօր հա­սած է օրհ­նա­բեր տա­րի­քի մը, ու­սա­նե­լի լայն փոր­ձա­ռու­թեամբ, բա­րե­սի­րա­կան եւ ազ­գա­յին ա­մե­նա­տար­բեր ծրա­գիր­նե­րով, հա­մա­հայ­կա­կան հա­մա­պար­փակ հե­ռան­կար­նե­րով։

Ուղ­ղու­թիւնն ու նպա­տա­կը յստակ է ու մե­կին՝ պա­հել ազ­գա­յին մշա­կոյթ եւ ժա­ռան­գու­թիւն։

Միու­թիւ­նը սոսկ բա­րե­գոր­ծա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը ըլ­լա­լէ շատ ա­ւե­լին է այ­սօր։ Շնոր­հիւ ա­նոր թա­փան­ցի­կու­թեան եւ բա­րի համ­բա­ւին, աշ­խար­հի չորս կող­մե­րէն ազ­գա­յին­ներ մե­ծա­գու­մար նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րով կը վստա­հին ՀԲԸ­Մ-ին, ո­րուն շնոր­հիւ կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն ի­րենց ծրա­գիր­ներն ու ե­րազ­նե­րը ըլ­լա՛յ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին, ըլ­լայ հա­յա­շատ գա­ղութ­նե­րու մէջ։ Մեր խօս­քին վկան կը հան­դի­սա­նան անց­նող հա­րիւ­րա­մեա­կին կա­տա­րուած հսկա­յա­կան նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րը Միու­թեան, ո­րոնց շնոր­հիւ ան յա­ջո­ղած է կա­ռու­ցել ոչ միայն քա­րէ շէնք ու հաս­տա­տու­թիւն, այլ՝ ա­նոնց շնոր­հիւ կա­ռու­ցած է Սփիւռք կո­չուող շէն­քը, Տու­նը՝ մեր հո­գի­նե­րէն ներս։

ՀԲԸ­Մ-ին մի­ջո­ցով տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ Սփիւռ­քի տա­րած­քին թրծուե­ցան նոր սե­րունդ­ներ ան­խառն հայ­րե­նա­սի­րու­թեամբ, ե­կե­ղե­ցա­սի­րու­թեամբ ու հայ­կա­կա­նու­թեամբ: Այ­սօ­րուան նոր պայ­ման­նե­րուն տակ՝ նոր Սփիւռք եւ 25-ա­մեայ զոյգ հան­րա­պե­տու­թիւն­ներ, ՀԲԸՄ կը շա­րու­նա­կէ քայլ պա­հել նոր ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րու հետ, եւ իր ա­նու­նին հա­մա­հունչ՝ Հայ­կա­կա­նին ու Բա­րե­գոր­ծա­կա­նին կող­քին, Ընդ­հա­նու­րին հաս­նե­լու հա­մա­պար­փակ ծրա­գիր­ներ կը մշա­կէ։

ՀԲԸ­Մ-ի թի­րա­խը միշտ ալ ե­ղած է Հա­յաս­տա­նը եւ հա­յու­թիւ­նը աշ­խար­հով մէկ։ Այ­սօր ու­շադ­րու­թիւ­նը ա­ւե­լիով կեդ­րո­նա­ցած ըլ­լա­լով Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վրայ, Միու­թեան սփիւռ­քեան կա­ռոյց­նե­րը պէտք է ա­ւե­լիո՛վ աշ­խու­ժա­նան եւ ի­րենց զօ­րակ­ցու­թեամբ ոտ­քի պա­հեն թէ՛ հա­յաս­տա­նեան ծրա­գիր­նե­րը եւ թէ ալ հոն­կէ նե­րուժ ստա­նա­լով վե­րած­րագ­րա­ւո­րեն ՀԲԸ­Մ-ի դպրոց­նե­րը, ա­կումբ­նե­րը, ե­րի­տա­սար­դա­կան շար­ժում­նե­րը եւ ան­դա­մա­շար­քը: Որ­պէս­զի մէ­կը միւ­սին թի­կունք կանգ­նե­լով՝ Հա­յաս­տա­նը Սփիւռ­քով եւ Սփիւռ­քը Հա­յաս­տա­նով, հա­յը հայ պա­հե­լու մեր եր­թին մէջ մնանք ան­նա­հանջ։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, մեծ Միու­թեան 110-ա­մեա­կը կու գայ նո­րո­գե­լու մեր ուխ­տը, այն հա­ւատ­քով ու վստա­հու­թեամբ, որ՝ կա­մե­նա­լը կա­րե­նալ է. հա­ւա՛տք է պէտք նոր Պօ­ղոս Նու­պար­ներ եւ Ա­լեք Մա­նու­կեան­ներ ծնե­լու հա­մար, եւ փառք Ա­մե­նա­կա­լին, որ մեր ժո­ղո­վուր­դէն կը ծնին նոր Նու­պար­ներ եւ նոր Մա­նու­կեան­ներ։

Լոս Ան­ճե­լը­սի ՀԲԸ­Մ-ի եր­կու վար­ժա­րան­նե­րը վեր­ջերս նշե­ցին ի­րենց քա­ռա­սու­նե­րորդ եւ տաս­նե­րորդ տա­րե­դարձ­նե­րը։ Միու­թեան ե­րի­տա­սար­դա­կան թե­ւը՝ Հայ երի­տա­սար­դաց ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը այս տա­րի կը բո­լո­րէ իր 85-րդ տա­րին, իսկ Մել­գո­նեան կրթա­կան հաս­տա­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 90-ա­մեա­կը քաղց­րա­նուշ եւ դառ­նա­նուշ յի­շա­տակ­ներ կ՚արթնց­նէ:

Տա­րե­դարձ­նե­րը մեզ զգօն կը պա­հեն։ Կը մեծ­նանք, կը հա­սուն­նանք եւ պտուղ կու տանք։ Թող 110-րդ տա­րե­դար­ձը ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին հանգ­րուան մը ըլ­լայ, դրա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու շրջան մը ըլ­լայ, ինչ­պէս որ կը յու­սադ­րէ Միու­թեան վեր­ջին շրջա­բե­րա­կա­նը։ Հա­մա­հայ­կա­կան ծրա­գիր­նե­րու մշա­կու­մը պատ­ճառ պէտք չէ հան­դի­սա­նայ ներ­գա­ղու­թա­յին հիմ­նախն­դիր­նե­րու ան­տե­սու­մին: Լո­սան­ճե­լը­սա­հայ մեր գա­ղու­թը հա­րուստ է բազ­մա­թիւ մեծ ու փոքր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րով: Ա­նոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­նի իր տեղն ու դե­րը ազ­գա­յին մեր կեան­քէն ներս: Թող ՀԲԸ­Մ-ը իր զոյգ վար­ժա­րան­նե­րով, մաս­նա­ճիւ­ղե­րով, ե­րի­տա­սար­դա­կան, մար­զա­կան, սկաու­տա­կան շար­ժում­նե­րով եւ մշա­կու­թա­յին մար­մին­նե­րով շա­րու­նա­կէ իր նպաս­տը բե­րել տե­ղա­կան ա­ռու­մով, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ հաս­նե­լով Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի կա­րիք­նե­րուն:

Շնոր­հա­ւո՛ր տա­րե­դարձ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2016