ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒՌՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Արցախի ճակատին վրայ պատահած հրատապ իրադարձութիւնները շաբաթավերջին յեղաշրջեցին հայ աշխարհի օրակարգը, բուռն արձագանգ ստեղծելով նաեւ միջազգային գետնի վրայ։ Շաբաթ առաւօտեան շատ կանուխ ժամերուն Ատրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած յարձակումները ահազանգային վիճակ ստեղծեցին Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մօտ։ Լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու վերաբերեալ լուրերը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին զեկուցուեցաւ Ուաշինկթընէն Երեւան վերադարձի ճանապարհին։ Շաբաթ առաւօտ, Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը, որմէ վերջ յայտարարուեցաւ, թէ պետական բոլոր մարմինները պատրաստ են դիմագրաւել առկայ մարտահրաւէրը։ Նախագահ Սարգսեանի սաւառնակին Երեւան վայրէջք կատարելէն առաջ արդէն կարգադրուեցաւ, որ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը գումարէ արտահերթ ժողով մը՝ իր վերադարձէն անմիջապէս վերջ։ Ուաշինկթընէն հասնելով Երեւան՝ Սերժ Սարգսեան անմիջապէս նախագահեց Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողովին, որու ընթացքին ստեղծուած իրավիճակին շուրջ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեցին Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Եուրի Խաչատուրով եւ Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան։ «Ինչպէս բազմաթիւ անգամներ ըսած եմ, մեր խնդիրները մենք պէտք է լուծենք, բնաւ չթերագնահատելով ոեւէ մէկուն օգնութիւնը», ըսաւ Սերժ Սարգսեան ժողովի ընթացքին։
Հայաստանի Պաշտպանութեան եւ Արտաքին գործոց նախարարութիւնները շաբաթավերջի դէպքերուն զուգահեռ հանդէս եկան իրերայաջորդ յայտարարութիւններով։ Երեւանի ղեկավարութիւնը միջազգային հանրութենէն պահանջեց գործնական քայլեր՝ ի կարգ հրաւիրելու համար Ատրպէյճանը։
Երկու նախարարութիւններն ալ օտար երկիրներու ռազմադիւանագիտական ներկայացուցիչներուն տեղեկութիւններ փոխանցեցին բախումներու ընթացքին շուրջ։ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան տեսակցեցաւ շարք մը եւրոպական երկիրներու Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ։ Աւելի վերջ ան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ ռազմական կցորդներուն հետ։
Արցախի ճակատին վրայ բռնկած բախումներուն զուգահեռ Երեւան ձեռնարկեց դիւանագիտական ոստումի մը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան իրերայաջորդ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Ճէյմս Ուորլիքի (Միացեալ Նահանգներ), Փիէռ Անտրիուի (Ֆրանսա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկի հետ։ Բաց աստի, Նալպանտեան հեռաձայնային զրոյցներ ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երեք երկիրներէ երկուքին՝ Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Սէրկէյ Լաւրովի եւ Ժան-Մարք Էյրոյի հետ։ Նալպանտեան անմիջապէս կապ հաստատեց նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէրի եւ Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոն Եակլանտի հետ։ Նալպանտեանի խօսակիցներու շարքին էր նաեւ Եւրոմիութեան Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Զալպէր։
Հարկ է նշել, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այսօր Վիեննայի մէջ կը գումարեն ժողով մը՝ քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մտահոգիչ վերջին իրադարձութիւնները։ Վաղն ալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը ընդհանուր հաւաք մը կ՚իրականացնէ նոյն հրատապ օրակարգով։ Նոյնպէս վաղը Սերժ Սարգսեան Պերլինի մէջ կը տեսակցի Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Բանակցութիւններուն կը մասնակցին նաեւ Եդուարդ Նալպանտեան եւ Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր։ Այս փուլին եւս օրակարգի վրայ կու գան ղարաբաղեան հիմնախնդրի վերջին իրադարձութիւնները։
Շաբաթավերջին լայնածաւալ բախումներու մթնոլորտին մէջ, Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնն ալ շարժման անցաւ բոլոր ուղղութիւններով։ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ գումարուեցաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողով։ Նախագահ Սահակեանի գլխաւորութեամբ երէկ ալ տեղի ունեցաւ աշխատանքային խորհրդակցութիւն մը։ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովը գումարեց արտահերթ նիստ մը, որու աւարտին հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը՝ դատապարտելով Ատրպէյճանի յարձակումները։ Յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, թէ Պաքու ռազմական գործողութիւններու թատերաբեմ կը դարձնէ տարածքաշրջանը։
Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ տեղեկացուց, թէ առկայ դէպքերու հետեւանքներուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը վիճակի Պաքուին։
Արցախի մէջ ստեղծուած մթնոլորտին զուգահեռ անմիջապէս սկսաւ կամաւորներու արձանագրութիւն, իսկ երէկ գիշերուան ժամերուն Հայաստանէն ալ հասան կամաւորներ։ Լեռնային Ղարաբաղի Վարչապետ Արա Յարութիւնեան Ստեփանակերտի հրապարակին վրայ շաբաթավերջին մէկտեղուեցաւ կամաւորներուն հետ։ Յամենայնդէպս, հայկական կողմը կամաւորներու տեսանկիւնէն պաղարիւն ընթացքի մը կը հետեւի։ Բակօ Սահակեանի բանբերը՝ Դաւիթ Պապայեան երէկ օրուան երկրորդ կէսին տեղեկացուց, թէ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու բոլոր նախաձեռնութիւնները տապալած են։
Հայաստանի քաղաքական թատերաբեմի գրեթէ բոլոր դերակատարները շաբաթավերջին արձագանգեցին Արցախի ճակատի լայնածաւալ բախումներուն՝ միասնականութեան դրսեւորումով։ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահները՝ Հերմինէ Նաղդալեան եւ Եդուարդ Շարմազանով հանդէս եկան յայտարարութիւններով։ Ըստ Շարմազանովի, Ատրպէյճանի նախայարձակ գործողութիւնները ահաբեկչութիւն կը համարուին Արցախի ժողովուրդին եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն դէմ։ Նաղդալեանի համոզմամբ՝ համանախագահները պէտք է գործնական քայլերու ձեռնարկեն Ատրպէյճանը սանձելու համար։ Ընդդիմադիր Հայ ազգային գոնկրէսը եւ ընդդիմութեան միւս բոլոր ուժերը միահամուռ զօրակցութիւն յայտնեցին Արցախի պաշտպանութեան բանակին՝ անկախ ներքին հակասութիւններէն։
Հայկական Սփիւռքն ալ զօրակցութիւն յայտնեց Արցախին՝ շաբաթավերջին թէժ մարտերու հրատապ մթնոլորտին մէջ։ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Եւրոպայի կազմակերպութիւնը եւ սփիւռքեան բազմաթիւ կառոյցներ հանդէս եկան յայտարարութիւններով։ Եւրոպայի զանազան քաղաքներէն ներս սփիւռքահայեր բողոքի ցոյցեր կազմակերպեցին Ատրպէյճանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն մօտ։ Ամերիկահայ կազմակերպութիւններն ալ տեղեկացուցին, թէ ԱՄՆ-ի Նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմին կողմէ այս հիմնախնդրին շուրջ որդեգրուած լռութիւնը արդէն կանաչ լոյս վառած է Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւին։
ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՋԱՆՔԵՐԸ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու մայրաքաղաքները շաբաթավերջին արդէն անմիջական ուշադրութեամբ հետեւեցան Արցախի իրադարձութիւններուն։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յոյս յայտնեց, թէ հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակը կը կայունանայ։ Նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Մոսկուա ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն։ Քրեմլինն ալ արձագանգեց դէպքերուն։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, թէ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին անհան-գըստացած է ծագած բախումներուն հետեւանքով եւ կոչ կ՚ուղղէ՝ անյապաղ դադրեցել կրակը։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով բախումներու մթնոլորտին մէջ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ իր հայ եւ ազէրի պաշտօնակիցներուն՝ Եդ-ւարդ Նալպանտեանի եւ Էլմար Մամէտեարովի հետ։ Նոյնը ըրաւ նաեւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէրկէյ Շոյկու, որ անմիջապէս շփման մէջ անցաւ իր հայ եւ ազէրի պաշտօնակիցներուն՝ Սէյրան Օհանեանի եւ Զաքիր Հասանովի հետ։ Ռուսական կողմը տեղեկացուց նաեւ, թէ շփման մէջ անցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ միւս երկիրներուն հետ։
Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ դատապարտեց շաբաթավերջին ծագած բախումները։ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի տեղեկացուց, որ ամերիկեան կողմը խստօրէն կը դատապարտէ հրադադարի լայնածաւալ խախտումները, որոնք տեղի տուած են կորուստներու, ներառեալ խաղաղ բնակիչներ։ Ան ցաւակցութիւն յայտնեց բոլոր զոհերու ընտանիքներուն եւ կոչ ուղղեց, որպէսզի կողմերը ցուցաբերեն զսպուածութիւն, զերծ մնան հետագայ լարուածութիւններէ եւ խստօրէն հետեւին հրադադարին։ «Անկայուն իրավիճակը կը վկայէ, թէ ինչու կողմերը պէտք է անյապաղ վերսկսին բանակցութիւններուն ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի հովանաւորութեան ներքեւ՝ հակամարտութեան բազմակողմանի լուծում մը գտնելու ուղղութեամբ։ Մենք կը վերահաստատենք, որ հակամարտութիւնը չունի ռազմական լուծում։ Որպէս համանախագահ երկիր՝ ԱՄՆ յանձնառու է աշխատիլ կողմերուն հետ՝ հասնելու համար երկարատեւ եւ բանակցուած լուծման», ըսաւ Քերի։
Պետական քարտուղարի արձագանգին առընթեր ԱՄՆ-ի բազմաթիւ խորհրդարանականներ ալ կոչ ուղղեցին Պարաք Օպամային՝ որպէսզի պատասխանատուութեան հրաւիրէ Իլհամ Ալիեւը։
Փարիզի իշխանութիւններն ալ մտահոգութեամբ արձագանգեցին իրավիճակին։ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց, որպէսզի կողմերը անյապաղ վերադառնան բանակցային սեղանի շուրջ։ Էլիզէի պալատի աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, որ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ խոր ափսոսանք կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի լրջագոյն դէպքերուն եւ հրադադարի դրութեան խախտման առընչութեամբ։ Էլիզէի յայտարարութեան մէջ ուշադրութիւն հրաւիրուեցաւ այն հանգամանքին վրայ, թէ զոհերու շարքին կը գտնուին խաղաղ բնակիչներ։ Օլանտ արձանագրած է, որ այս դէպքերը 1994 թուականի հրադադարի հաստատումէն վերջ արդէն լրջագոյնը կը հանդիսանան։
Ֆրանսայի նախագահը հակամարտ կողմերուն առաւելագոյնս զսպուածութեան կոչ կ՚ուղղէ եւ կը յորդորէ անյապաղ յարգել հրադադարի դրութիւնը։ «Բանակցութիւններուն համար այլընտրանքային ճանապարհ չկայ։ Հանրապետութան նախագահը, որ 2014 թուականի Հոկտեմբերին Փարիզի մէջ ընդունեց Հայաստանի եւ Ա-տըրպէյճանի նախագահները, կը հաստատէ առաւելագոյնս սեղմ ժամկէտներու մէջ խաղաղ կարգաւորման հաւատարմութիւնը», ըսուած է Էլիզէի յայտարարութեան մէջ։
Մինսքեան խմբակի համանախագահները, որոնք այսօր ժողով մը կը գումարեն Վիեննայի մէջ, շաբաթավերջին հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը եւ դատապարտեցին ծագած բախումները։ Արտայայտելով իրենց խոր մտահոգութիւնը՝ անոնք շեշտեցին, թէ պատերազմը տարբերակ մը չէ, կրակը պէտք է դադրեցնել անյապաղ եւ իրավիճակը պէտք է կայունացնել։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանային նախագահ երկրի՝ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Շթայնմայէրն ալ, Նալպանտեանի եւ Մամէտեարովի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցներուն զուգահեռ մտահոգութիւն յայտնեց կորուստներուն շուրջ, ներառեալ խաղաղ քաղաքացիները։ Ան եւս կոչ ուղղեց, որպէսզի անմիջապէս դադրի կրակը։
Իր կարգին, ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զանիէրն ալ մտահոգութիւն յայտնեց Արցախի իրադարձութիւններուն շուրջ։
ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐԸ ՄՏԱՀՈԳ
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ թափ ստացած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները մտահոգութիւն յառաջացուցին նաեւ ամբողջ Հարաւային Կովկասին մէջ։ Հայաստանի հիւսիսի եւ հարաւի հարեւանները Վրաստան եւ Իրան անմիջապէս արձագանգեցին դէպքերուն։ Թիֆլիզի ղեկավարութիւնը տեղեկացուց, թէ Վրաստան անհան-գըստացած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէ ներս իրավիճակի լարմամբ։ Վրաստանի խորհրդարանի փոխ-նախագահ Մանանա Քոպախիծէ յայտնեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան շատ կարեւոր երկիրներ են Վրաստանի համար եւ անոնց միջեւ որեւէ հակամարտութիւն լուրջ անհանգստութեան պատճառ մըն է։ Վրաստանի քաղաքական շրջանակները պատրաստակամութիւն յայտնեցին Թիֆլիզի մէջ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեսակցութիւն մը կազմակերպելու ուղղութեամբ։ Մինչ այդ, Վրաստանի Վարչապետ Կէորկի Քվիլիքաշվիլի Թիֆլիզի մէջ ժողով մը կազմակերպեց Արցախի ճակատին վրայ իրավիճակի սրման բերումով։ Ժողովին մասնակցեցան երկրի Արտաքին գործոց նախարար՝ Միխէիլ Ճանելիծէ, ուժային նախարարութիւններու ղեկավարները եւ այլ պաշտօնատարներ։ Վրացի վարչապետը պատկան պաշտօնատարներէն լսեց ամբողջ տեղեկութիւնը՝ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։ Ան մտահոգութիւն յայտնեց ռազմական գործողութիւններու վերսկսման եւ իրավիճակի շիկացման կապակցութեամբ՝ ընդգծելով մարդկային կորուստները, ներառեալ խաղաղ բնակիչները։ Քվիլիքաշվիլի յոյս յայտնեց, թէ միջազգային հանրութեան ջանքերուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ հանդարտեցնել իրավիճակը, ինչ որ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման տեսակէտէ։
Թիֆլիզի ղեկավարութեան արձագանգին զուգահեռ՝ Սէյրան Օհանեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Թինաթին Խիտաշելիի հետ։
Թեհրանի ղեկավարութիւնն ալ շաբաթավերջի բախումներուն արձագանգեց մտահոգութեամբ։ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիւսէյին Ճապէր Անսարի յայտարարեց, որ պէտք է խուսափիլ այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք իրավիճակը կը լարեն։ Բանբերին խօսքերով, տարածքաշրջանէ ներս ծայրայեղական խումբերու ապակառուցողական գործողութիւններուն ֆոնին վրայ հայ-ազէրի բախումները մտահոգութեան լուրջ պատճառ կը դառնան Իրանի համար։ Ուստի, Թեհրան յորդորեց անյապաղ դադրեցնել կրակը եւ օգտագործել բոլոր հնարաւորութիւնները հաւասարակշռութեան ու խաղաղ կարգաւորման համար՝ խաղաղարար խումբերու եւ ՄԱԿ-ի շրջանակներէն ներս։
Թրքական մամուլը կը տեղեկացնէ, որ հայ-ազէրի բախումներուն ընթացքին երեք ռումբեր ինկած են Ի-րանի տարածքը։ Իրանի արեւելեան Ատրպատականի նահանգի Հուտա Աֆերին գաւառակին մերձակայ գիւղերէն մէկուն զուգադիպած է ռումբը։ Ոեւէ մէկը չէ տուժած դէպքին հետեւանքով։ Ռումբերը զուգադիպած են ելեկտրական ցանցի ձողերէն մէկուն։ Այս պատճառով շրջանէն ներս միջոց մը խզուած է ելեկ-տըրական հոսանքը։ Կը հաղորդուի, որ ըստ բախտի ուրիշ որեւէ վնաս չէ յառաջացած։
Մինչ այդ, Սէյրան Օհաննեանն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի Պաշտպանութեան նախարար Հիւսէյին Տեհղանի հետ։
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔՆԵՐԷՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉԵՐ ԿԸ ՀՆՉԵՆ
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ սաստկացած բախումներուն հետեւանքով շաբաթավերջին իրերայաջորդ յայտարարութիւններով հանդէս եկան միջազգային բոլոր յառաջատար կառոյցներու ղեկավարութիւններն ու աշխարհի բազում երկիրներու ներկայացուցիչները։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտարարեց, որ հրատապ քայլերու պէտք է ձեռնարկել՝ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի կայունացման համար։
Եւրոմիութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտնեց, թէ Եւրոմիութիւնը կ՚ուղղէ զսպուածութեան կոչ ու կը սատարէ խաղաղ կարգաւորման՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի հովանաւորութեան ներքեւ։ Եւրոյանձնաժողովին անունով յայտարարութիւն մըն ալ ըրաւ յանձնակատարներէն Եոհաննէս Հան։
Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպեոն Եակլանտ տեղեկացուց, թէ սարսափ կ՚ապրի բախումներուն հետեւանքով ու պէտք է անյապաղ դադրեցնել արիւնահեղութիւնը։
Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց կոչ ուղղեց, որպէսզի հակամարտ կողմերը վերադառնան բանակցութիւններու սեղան՝ Մինսքեան խմբակի հովանաւորութեամբ։
Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Փետրօ Արկամունտ յորդորեց պահպանել հրադադարը ու վերսկսիլ բանակցութիւնները։
ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Իլքա Քաներվա եւս կոչ ուղղեց, որպէսզի անյապաղ դադրեցուի կրակը։
ՆԱԹՕ-ի Հարաւային Կովկասի գծով ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայ տեղեկացուց, թէ դաշինքը խորապէս մտահոգուած է ստեղծուած իրավիճակէն։
Անգլիոյ Եւրոպայի հարցերով նախարար Տէյվիտ Լիվինկթըն տեղեկացուց, որ ցնցուած ու մտահոգուած է բախումներուն հետեւանքով եւ կոչ ուղղեց, որպէսզի դադրեցուին մարտերը։
Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Տիոն կոչ ուղղեց, որպէսզի իսկական հրադադար մը հաստատուի։ Ան համոզուած է, թէ բանակցային լուծումը այլընտրանք չունի։
Ուքրայնոյ Արտաքին գործոց նախարար Փաւլօ Քլիմքին կոչ ուղղեց, որպէսզի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները աշխուժացնեն բանակցութիւնները։
Ղազախիստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, թէ Աստանայի ղեկավարութիւնը ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն եւ կոչ կ՚ուղղէ հրադադարի պահպանման համար։
Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը առաջնահերթ համարեց իրավիճակի կայունացումը։
Եւրոմիութեան անդամ երկիրներէն Պելժիոյ, Շվէտի, Աւստրիոյ եւ Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարները՝ Տիտիէ Ռէյնտերս, Մարկոթ Վալսշթէօրն, Սեպասթիան Քուրց եւ Պէորքէ Պրենտէն եւս արձագանգեցին Արցախի իրադարձութիւններուն։ Բոլորն ալ դատապարտեցին բախումները, զսպուածութեան եւ հրադադարի պահպանման կոչ ուղղեցին՝ իրավիճակի լարումը համարելով անընդունելի, յորդորելով լուծումը բանակցային սեղանի շուրջ։
Ռումանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ կոչ ուղղեց բախումներու դադրեցման ուղղութեամբ։
Միւս կողմէ, Սպիտակ Ռուսիոյ Նախագահ Ալէքսանտր Լուքաշենքօ շաբաթավերջի բախումներու մըթ-նոլորտին մէջ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Յամենայնդէպս, Մինսքէն հնչած տեսակէտները անհանգստութիւն պատճառեցին Երեւանի ղեկավարութեան։ Երեւանի մօտ Սպիտակ Ռուսիոյ դեսպանը հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր իր նկատառման յանձնուեցաւ հայկական կողմին բողոքը։
ՀԱՊԿ-Ի ՀԵՏ ՄՇՏԱԿԱՆ ՇՓՈՒՄ
Արցախի ճակատին վրայ սաստկացած բախումներու մթնոլորտին մէջ Երեւանի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին շփման մէջ էր Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) հետ։ ՀԱՊԿ-ի բանբերը՝ Վլատիմիր Զէյնէտտինով յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի գործողութիւնները տեղի կու տան իրավիճակի սրման։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան հեռախօսազրոյցներ ունեցան ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտեուժայի հետ։ Ծանօթ է, որ ՀԱՊԿ Հայաստանի մասնակցած՝ միջազգային անվտանգութեան հիմնական կառոյցն է։ Նիքոլայ Պորտեուժա Արցախի բախումներուն կապակցութեամբ յայտարարեց, թէ միայն քաղաքական ճանապարհով լուծում մը պէտք է գտնուի, իսկ լայնածաւալ հակամարտութիւնը ձեռնտու է ոչ ոքի համար։