ՈՒԹ ՆՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿ
Թուրք զինեալ ուժերը կը շարունակեն պայքար մղել անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան դէմ։ Շաբաթավերջին դժբախտաբար ութ զինուորներ նահատակուեցան՝ ՓՔՔ-ականներուն հետ ծագած բախումներուն հետեւանքով։ Հանրային կարծիքը մեծ ցաւով ու վրդովմունքով հետեւեցաւ երիտասարդ անվտանգութեան պաշտօնեաներու նահատակման դէպքերուն։
Նուսայպինի մէջ ՓՔՔ-ականներու հետ ծագած բախման ժամանակ վեց զինուոր նահատակուեցաւ։ Եիւքսէքօվայի եւ Շըրնաքի մէջ ալ մէկական զինուոր նահատակուեցաւ նոյնպէս ահաբեկիչներու կողմէ պայթեցուած ռումբին եւ զուգահեռաբար կքած շէնքին հետեւանքով։
Միւս կողմէ, նահատակներու յուղարկաւորութիւններուն ընթացքին ստեղծուեցաւ խոր յուզման մթնոլորտ։ Բոլոր նահատակները հողին յանձնուեցան ցաւ ի սիրտ, յարգանքի խոնարհումով եւ միասնականութեան գիտակցութեամբ։
ՆՈՐ ԴԻՄԱԳԻԾ
Միւս կողմէ, Տիարպաքըրի կեդրոնի Սուր գաւառակին համար մշակուած քաղաքաշինութեան նոր ծրագրին մանրամասնութիւնները աստիճանաբար յայտնի կը դառնան։ Շրջանի դիմագիծին վերաբերեալ տուեալներ հրապարակուած են մամուլին մէջ եւ այս շրջագծով կ՚ընդգծուի, թէ նոր շէնքերը պիտի չխանգարեն քաղաքի պատմական հէնքը եւ անոնց բարձրութիւնը պիտի չգերազանցէ պատմական պարիսպները։