ՔՆԵՍԷԹԻ ԿՈՂՄԷ ՀԻՒՐԵՐ

Իս­րա­յէ­լէն խորհր­դա­րա­նա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւն մը այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Ե­րե­ւան։ Քնե­սէ­թի փոխ-նա­խա­գահ Թա­լի Փլոս­քո­վի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը այս շրջագ­ծով յար­գան­քի այց մը տուաւ Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րը։

Թա­լի Փլոս­քով, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կը ղե­կա­վա­րէ Իս­րա­յէլ-Հա­յաս­տան խորհր­դա­րա­նա­կան բա­րե­կա­մու­թեան խում­բը, շա­բա­թա­վեր­ջին հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի կող­մէ։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Փլոս­քով շեշ­տեց, որ հայ եւ հրեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րուած են բազ­մա­դա­րեան բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ, իսկ ի­րենց ե­րես­փո­խա­նա­կան խում­բը որ­դեգ­րած է այդ բո­լո­րը ա­ռա­ւել ամ­րապն­դե­լու նպա­տա­կը։ Զրու­ցա­կից­նե­րը քննար­կե­ցին Հա­յաս­տան-Իս­րա­յէլ օ­րա­կար­գի հար­ցե­րը եւ գո­հու­նա­կու­թեամբ ար­ձա­նագ­րե­ցին խորհր­դա­րա­նա­կան ձե­ւա­չա­փին մէջ հաս­տա­տուած աշ­խոյժ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։

Նալ­պան­տեան ներ­կա­յա­ցուց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ սան­ձա­զեր­ծուած լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւան­քով ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կը։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2016