«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ԱՐՈՒԵՍՏԸ»
Վարշաւիոյ Կարտինալ Սթեֆան Վիշինսքիի անուան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ-կական սփիւռքի արուեստը» խորագրով միջազգային գիտաժողով մը, որ իրականացաւ Հայաստանի եւ Լեհաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակի եւ Լեհաստանի հայ համայնքի կազմաւորման 650-ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս:
Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը:
Գիտաժողովը կազմակերպուած է Համաշխարհային արուեստներու ուսումնասիրութեան Լեհական հիմնարկը, Կտանսքի Ազգային թանգարանը եւ Վարշաւիոյ Կարտինալ Սթեֆան Վիշինսքիի անուան համալսարանը՝ Սահակեան հիմնադրամի ու Միջմշակութային եւ միջկրօնական երկխօսութեան միջազգային կեդրոնի հովանաւորութեամբ:
Գիտաժողովի բացման պաշտօնական արարողութեան ելոյթներով հանդէս եկան Լեհաստանի մօտ Հայաստանի դեսպան Էտկար Ղազարեան, Վարշաւիոյ Կարտինալ Սթեֆան Վիշինսքիի անուան համալսարանի Պատմութեան եւ արուեստի հիմնարկի տնօրէն, դասախօս Կաթարժինա Խրուտժիմսքա-Ուհերա, Լեհաստանի Համաշխարհային արուեստի ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի նախագահ, Թորունի Նիքոլայ Կոպեռնիկոսի անուան համալսարանէն Փրոֆ. Եժի Մալինովսքի եւ գիտաժողովի կազմակերպական յանձնախումբի ղեկավար, Վարշաւիոյ Կարտինալ Սթեֆան Վիշինսքիի անուան համալսարանէն Փրոֆ. Վալտեմար տէ Լուքա:
Գիտաժողովին տարբեր երկիրներու մէջ հայերու կողմէ ստեղծուած արժէքաւոր մշակութային ժառանգութեան վերաբերող գիտական զեկոյցներով եւ իրենց ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներով հանդէս եկան հայ եւ օտար գիտնականներ՝ Լեհաստանի, Հայաստանի, Ֆրանսայի, Սերպիոյ, Ուքրայնոյ, Գերմանիոյ, Հունգարիոյ շարք մը համալսարաններէ եւ գիտական կեդրոններէ: