ԱՆՑՈՒՄԱՅԻՆ ՔԱՅԼ

Հա­յաս­տա­նի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցած խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թեան ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը (ՀՀԿ) յա­ջո­ղու­թեամբ դուրս ե­կած է այս ընտ­րու­թե­նէն՝ ա­պա­հո­վե­լով ձայ­նե­րու գրե­թէ կէ­սը։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, ՀՀԿ հ­նա­րա­ւո­րու­թիւն կրնայ ու­նե­նալ ա­ռան­ձին կա­ռա­վա­րու­թիւն մը կազ­մե­լու, սա­կայն քա­ղա­քա­կան մեկ­նա­բան­նե­րը հա­ւա­նա­կան կը հա­մա­րեն Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան (ՀՅԴ) հետ հա­մա­խո­հու­թեան մը կազ­մուի­լը։ Հա­յաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան ընտ­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ ընտ­րու­թիւն­նե­րու վերջ­նա­կան ար­դիւն­քի ամ­փո­փու­մէն յե­տոյ յայտ­նի պի­տի դառ­նայ, թէ ո՛ր կու­սակ­ցու­թիւ­նը քա­նի՛ ե­րես­փո­խա­նա­կան ա­թոռ պի­տի զբա­ղեց­նէ երկ­րի վե­ցե­րորդ գու­մար­ման Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն ներս։ Մինչ այդ, Կեդ­րո­նա­կան ընտ­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Տիգ­րան Մու­կու­չեան ե­րէկ յայտ­նեց, որ ընտ­րու­թիւն­նե­րու վերջ­նա­կան ար­դիւնք­նե­րը պի­տի ամ­փո­փուին Ապ­րի­լի 9-ին։ Ըստ ի­րեն, ար­դա­րա­ցած է ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նակ յա­տուկ սար­քա­ւո­րում­նե­րու գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։

Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին լոյ­սին տակ ե­րէկ հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով, ո­րով մեկ­նա­բա­նեց նաեւ ՀՀԿ­-ի տա­րած յաղ­թա­նա­կը։ Յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ Սերժ Սարգ­սեան ընտ­րու­թեան օ­րը Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան կեան­քէն ներս դա­սեց կա­րե­ւո­րա­գոյն­նե­րու շար­քին։ Ան ը­սաւ. «Մենք ի­րա­կա­նա­ցու­ցինք խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք ա­ւե­լին էին, քան այն բո­լոր խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը, զորս մենք ու­նե­ցած ենք ան­կա­խա­ցու­մէն ի վեր։ Մենք ա­մե­նա­մեծ քայ­լը կա­տա­րե­ցինք սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման, կի­սա­նա­խա­գա­հա­կա­նէն խորհր­դա­րա­նա­կան կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գին անց­նե­լու ճա­նա­պար­հին։ Մենք այս ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նակ տե­սանք քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու ան­նա­խա­դէպ հաս­տա­տա­գոր­ծու­մը (քոն­սո­լի­տա­սիոն)։ Քա­ղա­քա­կան հա­մա­կար­գէն ներս, ըստ էու­թեան, չկար ո­րե­ւէ ազ­դե­ցիկ քա­ղա­քա­կան ուժ, որ դուրս մնա­ցած ըլ­լար ընտ­րա­պայ­քա­րէն։ Սա եւս մէկ վկա­յու­թիւն էր այն բա­նին հա­մար, որ սահ­մա­նադ­րու­թեամբ կան­խո­րո­շուած՝ մեր քա­ղա­քա­կան հա­մա­կար­գի շի­նա­րա­րու­թիւ­նը կ՚ըն­թա­նայ ճիշդ ճա­նա­պար­հով։ Ընդ­դի­մու­թեան պատ­կա­ռե­լի ներ­կա­յա­ցուա­ծու­թիւ­նը խորհր­դա­րա­նէն ներս այ­սու­հե­տեւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի տայ ա­նոր ամ­բող­ջու­թեամբ օգ­տուիլ խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գէ ներս ընդ­դի­մու­թեան ըն­ձե­ռուած վե­րահս­կո­ղա­կան մի­ջոց­նե­րու ամ­բողջ հա­մա­լի­րէն, ինչ որ հա­ւա­սա­րակշ­ռուած, վե­րահս­կե­լի եւ ար­դիւ­նա­ւէտ կա­ռա­վար­ման գլխա­ւոր գրա­ւա­կանն է։ Շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նեմ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան բո­լոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն՝ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն նման աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րե­լու հա­մար։ Սա իւ­րա­քան­չիւ­րի ներգ­րա­ւուա­ծու­թեան եւ իւ­րա­քան­չիւ­րի դե­րի կա­րե­ւո­րու­թեան ըն­կալ­ման ա­մե­նա­լաւ ցու­ցիչն է։ Շնոր­հա­կալ եմ այս մէ­կուն հա­մար։ Շնոր­հա­կալ եմ մեր քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու աշ­խոյժ եւ ընդ­հա­նուր առ­մամբ ու­ղիղ քա­ղա­քա­կան մրցակ­ցու­թեան հա­մար։ Սա գե­ղե­ցիկ պայ­քար մըն էր, ո­րու նպա­տա­կը մեր երկ­րի զար­գաց­ման հար­ցին մէջ կար­ծիք­նե­րու եւ դիր­քո­րո­շում­նե­րու բա­խումն ու հա­մադ­րումն էր։ Այդ մէ­կը հիմ­նա­կա­նին մէջ կա­րե­լի դար­ձաւ։ Շնոր­հա­կալ եմ մեր ընդ­դի­մու­թեան, հա­սա­րա­կա­կան հա­տուա­ծի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն եւ մի­ջազ­գա­յին մեր գոր­ծըն­կեր­նե­րուն ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խա­պատ­րաստ­ման եւ ի­րա­կա­նաց­ման հար­ցին մէջ՝ քա­ղա­քա­կան հա­մա­կար­ծու­թեան կա­յաց­ման, ընտ­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցը ա­մե­նա­ժա­մա­նա­կա­կից թեք­նիկ սար­քա­ւո­րում­նե­րով ի­րա­կա­նաց­ման օ­ժան­դա­կե­լու հա­մար։ Մենք նո­րո­վի կազ­մա­կեր­պե­ցինք ընտ­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցը, որ ուղ­ղա­կի ան­ցեա­լի մէջ թո­ղեց նախ­կին ընտ­րա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րուն դի­տար­կուած ա­մե­նա­կո­պիտ խախ­տում­նե­րու էա­կան մա­սը։ Մենք մեծ քայլ մը ը­րինք դէ­պի ա­ռաջ, մեծ քայլ մը դէ­պի ա­պա­գայ»։

Սերժ Սարգ­սեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց նաեւ ընտ­րու­թեան կազ­մա­կերպ­ման գոր­ծըն­թա­ցին ներգ­րա­ւուած բո­լոր կա­ռոյց­նե­րուն եւ երկ­րի ի­րա­ւա­պահ հա­մա­կար­գին։

Հա­յաս­տա­նի ընտ­րու­թիւ­նե­րուն մա­սին մի­ջազ­գա­յին ար­ձա­գանգ­ներն ալ կը շա­րու­նա­կուին։ ԵԱՀԿ-ի Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ու մար­դու ի­րա­ւանց գրա­սե­նեա­կին, ԵԱՀԿ-ի Խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վին, Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նին եւ Եւ­րո­խոր­հուր­դի Խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վին կող­մէ դի­տորդ­ներ հե­տե­ւե­ցան ընտ­րու­թեան ըն­թաց­քին։ Այդ դի­տոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ե­րէկ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քե­ցին Ե­րե­ւա­նի մէջ եւ հան­րա­յին կար­ծի­քին փո­խան­ցե­ցին ի­րենց տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Ա­նոնք ըն­դու­նուե­ցան նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի կող­մէ։ Դի­տորդ­նե­րը նա­խա­րա­րի նկա­տառ­ման յանձ­նե­ցին, թէ ընտ­րու­թիւն­նե­րը կը գնա­հա­տեն լաւ կազ­մա­կեր­պուած։

Մի­ջազ­գա­յին դի­տորդ­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը ե­րէ­կուան մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին շեշ­տե­ցին, որ պի­տի շա­րու­նա­կեն հե­տե­ւիլ նաեւ յե­տընտ­րա­կան զար­գա­ցում­նե­րուն։ Ըստ ի­րենց, Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն յար­գուած են հիմ­նա­րար ա­զա­տու­թիւն­նե­րը։ Այս ընտ­րու­թիւն­նե­րը կը վկա­յեն երկ­րէն ներս քա­ղա­քա­կան նոր հա­մա­կար­գի մը կա­ռուց­ման ա­ռա­ջին քայ­լին մա­սին։ Ի­րենց խօս­քով, քուէար­կու­թեան օ­րը ընդ­հա­նուր առ­մամբ խա­ղաղ եւ հան­դարտ էր։ Հսկա­յա­կան աշ­խա­տանք կա­տա­րուած էր, որ­պէս­զի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը ծա­նօ­թա­նան նոր ընտ­րա­կար­գին։ Ա­նոնք ընտ­րա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րու ա­պա­հո­վու­մէն զատ կա­րե­ւո­րե­ցին նաեւ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու գոր­ծե­լաո­ճի փո­փո­խու­թիւն­նե­րը։ Դի­տորդ­նե­րը հա­մո­զուած են, որ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը ընտ­րու­թիւն չէ, այլ եր­կու ընտ­րու­թիւն­նե­րու մի­ջան­կեալ ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծին տե­ղի ու­նե­ցած զար­գա­ցում­նե­րը։

Մի­ջազ­գա­յին դի­տորդ­նե­րու ար­ձա­գան­գին հի­ման վրայ Եւ­րո­միու­թեան կող­մէ ալ հրա­պա­րա­կուե­ցաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ԵՄ-ի յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ ընդգ­ծուե­ցաւ, որ ընտ­րու­թիւն­նե­րը լաւ կազ­մա­կեր­պուած էին եւ ընդ­հա­նուր առ­մամբ առ­կայ էր յար­գանք հիմ­նա­րար ա­զա­տու­թիւն­նե­րու նկատ­մամբ։ Այ­դու­հան­դերձ, ընտ­րու­թիւն­նե­րուն վրայ ստուեր ա­ծած է ար­ժա­նա­հա­ւատ տե­ղե­կա­տուու­թիւ­նը առ այն, որ ե­ղած են քուէ­ներ գնե­լու դէպ­քեր, քա­ղա­քա­ցիա­կան ծա­ռա­յող­նե­րու եւ մաս­նա­ւոր հա­տուա­ծի աշ­խա­տա­կից­նե­րուն դէմ ճնշում­ներ եւ այս բո­լո­րը ի­րենց հեր­թին տե­ղի տուած են ընտ­րու­թիւն­նե­րու նկատ­մամբ հան­րա­յին վստա­հու­թեան պա­կա­սի խո­րաց­ման։ «Այ­նուա­մե­նայ­նիւ, ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք­նե­րը կը ցո­լաց­նեն Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դի կամ­քը», նշուած է յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ եւ ընդգ­ծուած, որ Եւ­րո­միու­թիւ­նը հե­տա­մուտ է Հա­յաս­տա­նի կա­յուն, ժո­ղովր­դա­վար եւ բա­րե­կե­ցիկ ա­պա­գա­յին։ «Ընտ­րա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րու ամ­փո­փու­մէն յե­տոյ կ՚ակն­կա­լենք աշ­խա­տիլ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան սկզբունք­նե­րու հա­մա­պա­տաս­խան ընտ­րուած նոր խորհր­դա­րա­նի եւ կա­ռա­վա­րու­թեան հետ՝ ամ­րապն­դե­լու քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը եւ շա­րու­նա­կե­լու ԵՄ-ի օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը ըն­կե­րատն­տե­սա­կան ո­լոր­տի բա­րե­փո­խում­նե­րուն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2017