ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԳՈՐԳԻ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի մէջ 2017 թուականի Յունուար-Փետրուար ամիսներուն նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ գորգերու եւ գորգեղէնի արտադրութեան ծաւալը աճած է 60 տոկոսով:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը, եթէ 2016 թուականի Յունուար-Փետրուար ամիսներուն երկրին մէջ արտադրուած է 0.5 թոն գորգ եւ գորգեղէն, ապա այս տարուան նոյն ժամանակահատուածին՝ 0.8 թոն: Յունուար-Փետրուար ամիսներուն Հայաստանի մէջ արտադրուած է 648.7 հազար հատ հագուստեղէն, իսկ 2016 թուականի Յունուար-Փետրուար ամիսներուն՝ 500.1 հազար հատ: Այստեղ արտադրութեան ծաւալները աճած են 29.7 առ հարիւրով: Աւելցած են նաեւ բամպակեայ գործուածքներու արտադրութեան ծաւալները: Եթէ 2016 թուականի Յունուար-Փետրուար ամիսներուն արտադրուած է 0.2 թոն բամպակեայ գործուածք, ապա այս տարուան նոյն ժամանակահատուածին՝ 0.4 թոն, որ կրկնապատիկէն աւելի է: Վիճակագրական տուեալներուն համաձայն՝ այս ժամանակահատուածին 36.9 առ հարիւրով նուազած է միայն գուլպայի արտադրութեան ծաւալը: 2016 թուականի Յունուար-Փետրուար ամիսներուն արտադրուած է 1.592.1 հազար զոյգ գուլպայ, իսկ 2017 թուականի նոյն ժամանակահատուածին՝ 1.004.8 հազար զոյգ: