ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԵՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԻՋԵՒ ՎԵՐՋՆԱԳՐԱՅԻՆ ՈՃՈՎ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները դարձեալ կը դիմագրաւեն լուրջ մարտահրաւէր մը։ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնները երէկ փոխանակեցին վերջնագրային ոճով պատգամներ։ Առկայ բանավէճի պատճառն է Թուրքիոյ կողմէ Ս-400 ռուսական հրթիռներու ներածումը։ ԱՄՆ այս խնդիրը ծայր աստիճան վերապահ կ՚ընկալէ եւ նոյն պատճառով կը ջանայ Թուրքիան դուրս թողուլ Ֆ-35 ռազմաօդանաւերու ծրագրէն։ Երկար ժամանակէ ի վեր կողմերու միջեւ տարաձայնութեան առարկայ դարձած է այս պարագան։ Վերջին օրերուն ԱՄՆ-ի ղեկավարութիւնը Փենթակոնի միջոցաւ պաշտօնապէս տեղեկացուց, որ առկախուած են Ֆ-35 կործանիչներու վերաբերեալ Թուրքիոյ հետ գործարքները։ Այս իրադարձութիւնը, անշուշտ, նոր հարթութեան մը վրայ դրաւ կողմերու լարուածութիւնը։

Երէկ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ Չավուշօղլու կը մասնակցէր ՆԱԹՕ-ի հիմնադրութեան 70-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնակի մը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ դաշինիքի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Մայք Փոմփէօ տեսակցեցան 40 վայրկեան եւ անդրադարձան թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու ընթացքին։ Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած է նաեւ Չավուշօղլուի հանդիպումը ԱՄՆ-ի Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթընի հետ։ Նոյնպէս երէկ, Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի փոխ-նախագահները՝ Ֆուատ Օքթայ եւ Մայք Փենս եւս հանդէս եկան բաւական խիստ յայտարարութիւններով։ Այսպէս, Մայք Փենս նշեց, որ եթէ Թուրքիա ձեռք բերէ Ս-400 ռուսական հրթիռները, ապա կը վտանգուի իր Ֆ-35 ծրագրի մասնակցութիւնը ու միեւնոյն ժամանակ այս պատճառով վնաս կը կրեն այն թուրք արտադրողները, որոնք ծրագրի մատակարարներու շարքին են։ Փենսի խօսքով, ԱՄՆ թէեւ «Փաթրիըթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր կը տրամադրէ Թուրքիոյ, սակայն անով հանդերձ Ս-400 հրթիռներ ձեռք բերելու ծրագիրը անհանգստացուցիչ է։

Այս մօտեցումին երէկ անդրադարձաւ նաեւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու։ Իր խօսքով՝ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւնները այլընտրանք մը չեն ուրիշ դաշնակիցներու հետ յարաբերութիւններուն։ Թուրքիա անկախ ու գերիշխան երկիր մըն է, ուստի չի կրնար պարտադրուիլ Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի միջեւ նախընտրութիւն մը կատարել։

Մայք Փենսի յայտարարութիւններուն արձագանգեց նաեւ     Ֆուատ Օքթայ։ «ԱՄՆ այլեւս պէտք է տայ իր որոշումը։ Կ՚ուզէ՞ մնալ որպէս Թուրքիոյ դաշնակիցը եւ կամ կը ձգտի՞ մեր բարեկամութիւնը վտանգել՝ համագործակցելով ահաբեկիչներու հետ ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցին դէմ, կացինահարելով անոր պաշտպանութիւնը», ըսաւ Օքթայ։  

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2019