ԱՆՆԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տիկինը Աննա Յակոբեան երէկ Ուաշինկթընի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսէն ներս։ Աննա Յակոբեան, որ կը գլխաւորէ «Իմ քայլը» եւ «City of Smile-Ժպիտներու քաղաք» բարեգործական հիմնադրամներու հոգաբարձութիւնները, նախ այցելեց ԱՄՆ-ի քոնկրէսի գրադարանը, ուր ծանօթացաւ պատմութեան եւ ցուցանմոյշներուն։ Ան տեղեկութիւններ քաղեց նաեւ գրադարանի պահոցներէն ներս ցուցադրուած հայկական մանրանկարներուն եւ գիրքերուն շուրջ։ Ան քոնկրէսի գրադարանին նուիրեց Երեւանի Մատենադարանին վերաբերեալ գիրք մը։

Այնուհետեւ Աննա Յակոբեան ԱՄՆ-ի քոնկրէսի շէնքին՝ Քափիթոլիումի մէջ կատարեց շրջայց մը։ Այնտեղ ընդունելութիւն մը կազմակերպուած էր իրեն համար։ Հաւաքոյթի տեւողութեան Աննա Յակոբեան հանդէս եկաւ ծաւալուն ելոյթով մը, որու ընթացքին բացատրութիւններ տուաւ իր ղեկավարած բարեգործական հիմնադրամներու գործունէութեան եւ ծրագրերուն շուրջ։ Աննա Յակոբեանը ողջունեցին ԱՄՆ-ի քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի անդամ խորհրդարանականները։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ուաշինկթընի թեմակալ պատուիրակ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ուաշինկթընի հայկական դեսպանատան մէջ ալ Աննա Յակոբեան հանդիպում մը ունեցաւ ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

Աննա Յակոբեանի ԱՄՆ այցելութիւնը կը տեւէ շուրջ երկու շաբաթ։ Ուղեւորութեան հիմնական նպատակն է վերոյիշեալ բարեգործական հիմնադրամներու գործունէութեան ներգրաւել ամերիկահայութիւնը։ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2019