ԱՀԱԶԱՆԳԻ ՎՐԱՅ ԱՀԱԶԱՆԳ

Երեւանի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Իտալիոյ Արտաքին գործոց նախարար Լուիճի տի Մայոն, որու շփումները տեղի ունեցան Արցախի հրատապ իրադրութեան հետ պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Լուիճի տի Մայօ Երեւանի մէջ ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։ Առանձնազրոյց ունենալու առընթեր, երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, որոնց աւարտին սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

Այս փուլին հայկական կողմը հերթական անգամ ահազանգ հնչեցուց Արցախի մէջ ստեղծուած իրադրութեան կապակցութեամբ։ Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է հասցէական արձագանգ տայ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն։ Իր կարգին, Լուիճի տի Մայոն ալ յայտնեց, որ Իտալիա տեղեակ է Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան կրած տառապանքներէն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2022