ԱՐՑԱԽԻ ՀՐԱՏԱՊ ՎԻՃԱԿԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երէկ, Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան Երեւանի իր առանձնատան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ։ Այս տեսակցութիւնը համընկնեցաւ ներկայ բարդ ժամանակաշրջանին, երբ Արցախի իրադրութիւնը հետզհետէ կը դառնայ հրատապ։ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի բանբերը՝ Արման Մուսինեան երէկուան տեսակցութեան ընթացքին ներկայացուց սահմանափակ մանրամասնութիւններ։ Այսպէս, Տէր-Պետրոսեան եւ Յարութիւնեան կարեւորեցին, որ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի ընթացիկ փուլին թէ՛ Հայաստանի ու Արցախի իշխանութիւններէն եւ թէ ընդդիմադիր ուժերէն գերզգոյշ հռետորաբանութիւն եւ գործողութիւններ կը պահանջուին ներքին քաղաքական հակասութիւնները չսրելու եւ Հայաստանի ու Արցախի վիճակը առաւել եւս չբարդացնելու նպատակով։

Լեւոն Տէր-Պետրոսեան միջոց մը առաջ ալ կոչ ուղղած էր, որպէսզի Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս ստեղծուած՝ 44-օրեայ պատերազմի հետաքննութեան յանձնաժողովի աշխատանքները սառեցուին, որպէսզի ներքին քաղաքական իրադրութիւնը չհրահրուի եւ Հայաստանի ու Արցախի դիմագրաւած կացութիւնը ա՛լ աւելի չբարդանայ։

Միւս կողմէ, Հայաստանի խորհրդարանի «Հայաստան» ընդդիմադիր խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան երէկ յայտարարեց. «Իրավիճակը չափազանց բարդ է, մեզի նոր ցեղասպանութիւն կը սպասէ»։ Ըստ Սէյրան Օհանեանի, այսօրուայ իրավիճակը շատ բարդ է եւ ներկայ իշխանութիւններու գոյութեան պարագային Հայաստանն ու Արցախը ինքնիշխանութեան գահավիժման կ՚երթան։ «Մեզի համար ցաւ է, որ պատերազմի մէջ չկարողացանք հասնիլ յաջողութեան։ Երկրի ամբողջ ներուժը շարժման չանցուեցաւ՝ Արցախն ու Հայաստանը պաշտպանելու համար։ Ցաւալի է, որ պարտութիւնները կը շարունակուին, հակառակորդը կը շարունակէ ճնշումները», ըսաւ ան։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2022