ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՈՒԺԸ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՐԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ…

Իսրայէլի պետութիւնը դադար չունի։ Երբ մենք մշիկ-մշիկ կը քնանայինք, Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը հարուածած են Սուրիոյ Հոմս քաղաքի քանի մը ռազմական կէտերը։ «Ռազմական կէտեր»ու վերաբերեալ յաւելեալ մանրամասնութիւններ չկան, սակայն, մեծ հեռատեսութիւն չի պահանջեր՝ ենթադրելու համար, որ Իսրայէլի գերարդիական օդուժին թիրախները եղած պէտք է ըլլան ո՛չ թէ Սուրիոյ բանակի դիրքերը, այլ Սուրիոյ մէջ տեղակայուած եւ «խիստ կարեւոր» առաքելութիւն իրականացնող զօրահրամանատարութեան կարգ մը նուրբ կէտերը։

Այդ «նուրբ կէտեր»էն են նաեւ, որ կ՚ապահովեն Թեհրան-Պաղտատ-Դամասկոս կամ Հալէպ ու Հոմս ճանապարհը։ Խօսքը յատկապէս Իրանի պալիսթիք հրթիռները կամ հրթիռային մասերը դէպի հարաւային Պէյրութ փոխադրող ճանապարհին մասին է, որ մասնաւորապէս Սուրիոյ պատերազմի մեղմացումէն ասդին հիմնական առանցքը դարձած է Իսրայէլի հետախուզութեան։

Եւ այս բոլորը կը կատարուին արար-աշխարհի հայեացքներուն ներքեւ՝ հիմնական միակ նպատակ ունենալով թուլացնել «Հիզպուլլահ»ի ռազմական կարողութիւնները եւ խոցելի դարձնել անոր պալիսթիք հրթիռներու զինանոցը։

Անշուշտ, այս նիւթը ռազմագէտներու հետաքրքրութեան առանցքին է ու աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ, եթէ այս մասին խօսին անոնք։ Այնուամենայնիւ, հզօր պետութիւնները քուն ու դադար չունին եւ անկասկած անոնց շարքին է Իսրայէլը, որ հակառակ ներքին հազար ու մէկ հարցերուն՝ կը շարունակէ իր ուշադրութեան կեդրոնին պահել «Հիզպուլլահ»ի հրթիռային կարողութիւնը։

Հզօր պետութիւնները միայն այս կերպով կրնան գործել։ Ի հեճուկս ամէն տեսակ արգելքի, ճանապարհ հարթելով բոլոր այն վտանգներուն դէմ, որոնք կրնան ծնիլ իրենց շրջապատին մէջ։

Սա, անշուշտ, չի նշանակեր, որ Իսրայէլի կատարածները դատապարտելի չեն, բայց, իսկապէս փաստ է, որ այսօրուան աշխարհին մէջ կան երկու միջոցներ ապրելու համար։ Կան երկու միջոցներ ուժեղ պահելու համար, ուժի հիմքով կայացած եւ պայքարունակ համակարգ-պետութիւնները պահելու համար։ Կա՛մ ուժով եւ կամ դիւանագիտութեամբ, եթէ այդ ուժը չկայ։

Իսրայէլ ընտրած է առաջին ճանապարհը եւ այդ մէկը շատ բան պէտք է ըսէ Հայաստանին։ Ճիշդ է, որ Հայաստան շատ բարդ դրութեան մը մէջ է հիմա, բայց աւելի վատը այն է, որ հայերը հաւաքապէս անկեղծ չեն։

Մենք նպատակ մը չենք դրած մեր առջեւ, զբաղ ենք ներքին խլրտումներով, դաւաճաններու եւ հայրենասէրներու մասին ճառելով, իսկ միւս կողմէ մեր ժամանակը կը սպառի։

Մենք լուրջ որոշում առնելու հարց ունինք։ Կա՛մ կ՚ունենանք հզօր երկիր ու պետութիւն եւ կամ կը դառնանք ածանց։ Ու շատ յստակօրէն հասկնալի է, որ այս տարածաշրջանը այլեւս Ռուսաստանինը պիտի չըլլայ։

Մենք եթէ չունինք ուժ, ապա պարտաւոր ենք ճիշդ հասկնալ իրավիճակը եւ ըստ այդմ վարուիլ։

Մնացեալը անկարեւոր եւ խոցող մանրամասնութիւն է եւ կ՚ենթադրէ համատարած կորուստ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2023