ՅԱՄԱՌ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Եւրոմիութեան առաքելութեան տեղակայումը արժէքաւոր միջոց մըն է տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատման նպաստելու տեսակէտէ։

Երէկ, Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Պուքրէշ, ուր ընդունուեցաւ Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պոկտան Աուրէսքուի կողմէ։ Երկու նախարարները առաջին հերթին ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Հուսկ, ստորագրուեցան կարգ մը փաստաթուղթեր եւ աւելի վերջ անոնք սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը։ Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Արարատ Միրզոյեան տեղեկացուց, որ Հարաւային Կովկասի վերջին իրադարձութիւնները քննակումներու ընթացքին եկած են օրակարգի վրայ, տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերով հանդերձ։ Ան ընդգծեց, որ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին առջեւ գոյաբանական մարտահրաւէրներ գոյութիւն ունին։ Նախարարը Պուքրէշի մէջ հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ Լաչինի միջանցքի Ատրպէյճանի կողմէ փակուած ըլլալու պարագան եւ յիշեցուց Միջազգային արդարադատութեան ատեանի համապատասխան դատավճիռը։ Արարատ Միրզոյեան առանձնապէս անդրադարձաւ Հայաստանէ ներս Եւրոմիութեան առաքելութեան տեղակայման վերաբերեալ հանգամանքներուն եւ շեշտեց, որ առաքելութեան հաստատումը կը նշանակէ տարածաշրջանէ ներս Եւրոմիութեան երկարաժամկէտ ներգրաւուածութիւնը։

Իր կարգին, Պոկտան Աուրէսքուն ալ ընդգծեց, որ Միջազգային արդարադատութեան ատեանի վճիռները ունին պարտադիր բնոյթ։

Պուքրէշի մէջ Արարատ Միրզոյեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ռումանիոյ Ծերակոյտի նախագահ Ալինա Սթեֆանա Կորկիուի հետ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2023