ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցան խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ։ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը վե­ցե­րորդ ան­գամ փու­թաց քուէա­տու­փի մօտ՝ ընտ­րե­լու հա­մար երկ­րի խորհրդա­րա­նին կազ­մը։ 1991 թուա­կա­նի Դեկ­տեմ­բե­րի 28-ին կա­տա­րուած էր ա­ռա­ջին ընտ­րու­թիւ­նը, իսկ վեր­ջի­նը՝ 23 Մա­յիս 2010-ին։ Ե­րէ­կուան վե­ցե­րորդ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թեան մաս­նակ­ցե­ցաւ ընտ­րող­նե­րուն ա­ւե­լի քան 61 տո­կո­սը։ Մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը թէեւ տե­ղե­կա­ցու­ցած էր, որ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ար­դիւն­քը պի­տի հա­մա­րուի ան­վա­ւեր, սա­կայն յա­մե­նայն­դէպս մի­ջազ­գա­յին զա­նա­զան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ շարք մը եր­կիր­նե­րու կող­մէ դի­տոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն­ներ հե­տե­ւե­ցան քուէար­կու­թեան ըն­թաց­քին։ 

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ընտ­րու­թեան ա­ռա­ջին ան­պաշ­տօն ար­դիւնք­նե­րը կը վկա­յեն, թէ յաղ­թա­նակ տա­րած է «Ա­զատ հայ­րե­նիք» կու­սակ­ցու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2015