ՈՍԿԻԷ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ ԿՕՇԻԿՆԵՐ
Ճոխութեան ու շքեղութեան «մայրաքաղաք» Տուպայիի մէջ ներկայացուած են տղամարդոց համար բացառիկ կօշիկներ` կիսով չափ պատրաստուած 24 քարատ ոսկիէ:
A&E Fashion Group ընկերութիւնը 20 հազար տոլար արժողութեամբ կօշիկները ստեղծելու համար վարձած է Իտալիոյ ամենահմուտ կօշկագործները: Անոնք բարձրորակ կաշիէ, զամշի ու ոսկիի համադրութեան արդիւնքին ստացած են լուսանկարին մէջ ներկայացուած նմոյշը:
Բաց աստի, զամշը ոչխարի կամ հորթի մորթի իւղային դաբաղմամբ մշակուած կաշի է։ Ան փափուկ է թաւշանման, անջրանցիկ, կը ներկուի նաեւ տարբեր գոյներու։ Զամշին բնորոշ է նաեւ մեծ ծակոտկէնութիւն։ Զամշէն կը պատրաստուին հագուստ, կօշիկ, ձեռնոցներ եւ այլն։ Արհեստական զամշ կը ստացուի թաւշանման խաւ ունեցող գործուածքը ռետինի սոսինձներով տոգորելով (կօշիկներու համար) կամ ալ գործուածքին ռետինէ սոսինձ քսելով, որու վրայ այնուհետեւ շաղ կու տան բամպակ եւ մանրացուած մանրաթել։
Փափաքողներ կրնան նոյն կօշիկէն պատուիրել, սակայն ոսկիի փոխարէն փլաթինէ կամ արծաթէ զարդարանքով։ Յայտնի է, որ փլաթինի պարագային կօշիկը աւելի սուղ կ՚ըլլայ 22 հազար, իսկ արծաթի պարագային՝ 3.400 տոլար։