ՍՈՒՐԻԱՆ ՆՈՐ «ՍԱՅՔՍ-ՓԻՔՕ»Ի ԳԼԽԱՒՈՐ ՏԱՐՐԱԼՈՒԾԱՐԱՆՆ Է

Յա­ռա­ջի­կայ 16 Մա­յի­սին իր լրու­մին պի­տի հաս­նի Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հա­մար մշա­կուած «Սայքս-Փի­քօ» հա­մա­ձայ­նագ­րին 100-ա­մեա­կը: Այս հա­մա­ձայ­նու­թեամբ է, որ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան փլուզ­ման նա­խօ­րէին Մեծն Բրի­տա­նիան եւ Ֆրան­սան սե­ղա­նի վրայ դրին Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը ի­րենց մի­ջեւ բաժ­նե­լու ծրա­գի­րը: Այդ քա­ղա­քա­կան քար­տէ­սին շնոր­հիւ ե­ղած բա­ժա­նում­նե­րը կը տե­ւեն ցայ­սօր: Ճիշդ է նաեւ, որ «Սայքս-Փի­քօ» հա­մա­ձայ­նագ­րի եր­կու հիմ­նա­կան հո­վա­նա­ւոր­նե­րը այ­սօր ա­ռա­ջուան ազ­դե­ցու­թիւ­նը չու­նին մի­ջի­նա­րե­ւե­լեան տա­րած­քաշր­ջա­նին վրայ, բայց եւ այն­պէս հա­րիւր տա­րուան ժա­մա­նակ մը բա­ւա­րար է, որ Սու­րիան, Ի­րա­քը, Յոր­դա­նա­նը, Լի­բա­նա­նը եւ այլ եր­կիր­նե­ր տար­բեր ա­ռում­նե­րով այս եր­կիր­նե­րու գլխա­ւոր ար­բա­նեակ­նե­րը հա­մա­րուին:

Տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով խօ­սուած է այս հա­մա­ձայ­նագ­րին ժա­մա­նա­կավ­րէ­պու­թեան մա­սին: Հա­մա­ձայ­նագ­րին հին­ցած ըլ­լա­լը կը պայ­մա­նա­ւո­րուի մի քա­նի կա­րե­ւոր ազ­դակ­նե­րով, ո­րոնց թուար­կու­մը անհ­րա­ժեշտ է՝ փոր­ձել հասկ­նա­լու հա­մար, թէ յա­ռա­ջի­կայ հանգ­րուա­նին կազ­մուե­լիք նոր Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը ինչ հա­ւա­նա­կան պատ­կեր կրնայ ու­նե­նալ:

Այդ հան­գա­մանք­նե­րը հե­տե­ւեալ­ներն են.

ա.- Շրջա­նին մէջ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցող եր­կիր­նե­րը փո­խուած են: Մինչ մօ­տիկ ան­ցեա­լին Մեծն Բրի­տա­նիան եւ Ֆրան­սան էին, ո­րոնք կը հո­վա­նա­ւո­րէին այս տա­րածք­նե­րը, այ­սօր այդ դե­րը տրուած է այլ եր­կիր­նե­րու:

բ.- Շրջա­նին մէջ մե­ծա­գոյն դեր ու­նե­ցող եր­կի­րը Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներն է:

գ. Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ այ­սօր կը գի­տակ­ցի, որ ա­ռան­ձինն ան­կա­րող է վա­րել այս տա­րած­քաշր­ջա­նը:

դ.- Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հետ ընդ­հա­նուր խա­ղին մաս­նա­կից են Ռու­սաս­տա­նը, Ի­րա­նը, Սէու­տա­կան Ա­րա­բիան եւ Թուր­քիան:

Այս ընդ­հա­նուր վի­ճակ­նե­րուն մէջ բա­ցա­յայտ է նաեւ, որ նոր քար­տէ­սի կազ­մու­թիւ­նը, կամ վե­րը նշուած տի­րու­թեանց հիմ­նա­կան դե­րե­րու բաշ­խու­մը կը կա­տա­րուի Սու­րիոյ մէջ:

Վե­րը թուար­կուած կէ­տե­րէն բա­ցի կայ նաեւ տնտե­սա­կան գոր­ծօ­նը: Գեր­տէ­րու­թեանց մի­ջեւ առ­կայ շա­հե­րու խա­չա­ձե­ւու­մին հե­տե­ւան­քով է, որ այ­սօր Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը դար­ձած է պա­տե­րազ­մի ա­րիւ­նա­լի դաշտ: Այս ա­ռու­մով պէտք է նշել, որ 2010 թուա­կա­նին Դա­մաս­կո­սի մէջ կա­յա­ցուած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ժո­ղո­վի քու­լիս­նե­րուն մէջ քննար­կու­մի դրուած է Սու­րիոյ ու­նե­նա­լիք դե­րը շրջա­նին մէջ, թէ՛ Ֆրան­սա­յի եւ թէ՛ Թուր­քիոյ նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ Պե­շար Է­սա­տին ա­ռա­ջարկ ներ­կա­յա­ցուած է հեշ­տաց­նել Քա­թա­րէն դէ­պի Թուր­քիա հաս­նող նաւ­թա­տար խո­ղո­վակ­ա­շար­նե­րու կա­ռուց­ման ա­ռըն­թեր ա­նոր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը: Է­սատ կտրա­կա­նա­պէս մեր­ժած է ա­ռա­ջար­կը, ա­ռա­ջար­կող կող­մե­րուն բա­ցատ­րե­լով, որ նման քայլ պի­տի վնա­սէ Սու­րիա-Ռու­սաս­տան ռազ­մա­վա­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը: Այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը բնա­կա­նա­բար Է­սատ ժա­ռան­գած է իր հօր­մէն՝ Հա­ֆըզ Է­սա­տէն, որ Խորհր­դա­յին Միու­թեան ա­մե­նէն վստա­հե­լի դաշ­նա­կիցն էր շրջա­նին մէջ: Այս­տեղ դա­ւադ­րու­թեան տե­սու­թիւ­նը չէ, որ կա­րե­ւոր ա­ռանցք կը հան­դի­սա­նայ, այլ շա­հե­րու վրայ հիմ­նուած եւ այդ շա­հե­րու բա­խում­նե­րէն բխող հա­կա­սու­թիւն­նե­րը: Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մը հե­տե­ւա­բար ար­դիւնք է տնտե­սա­կան ան­յե­տաձ­գե­լի շա­հա­բաշ­խու­մի մը, որ սա­կայն վեր­ջին պա­հուն կը վե­րա­ծուի զի­նուո­րա­կան բա­խում­նե­րու՝ յե­տաձ­գե­լով ոչ միայն նա­ւա­թա­տար խո­ղո­վակ­ա­շար­նե­րու կա­ռու­ցու­մը, այլ խլե­լով հա­զա­րա­ւոր մար­դոց կեան­քը եւ ա­ւե­րա­կ-ւած վի­ճա­կի մատ­նե­լով դէպ­քե­րէն ա­ռաջ 24 մի­լիոն բնակ­չու­թիւն ու­նե­ցող Սու­րիան:

Այս տուեալ­նե­րուն լոյ­սին տակ եւ ար­դէն հինգ տա­րիէ ի վեր ըն­թա­ցող պա­տե­րազ­մը, բա­ցի ան­կէ, որ կոր­ծա­նած է Սու­րիոյ մե­ծա­գոյն քա­ղաք­նե­րը, գետ­նի վրայ չէ յա­ջո­ղած հա­կա­մար­տող կող­մե­րէն ո­րե­ւէ մէ­կուն դրա­կան յա­ռա­ջըն­թաց ա­պա­հո­վել: Պա­տե­րազ­մի գնով գետ­նի վրայ փո­փո­խու­թիւն ի­րա­կանց­նե­լու ան­հնար ըլ­լա­լը այ­սօր լա­ւա­պէս հասկ­ցած են Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներն ու Ռու­սաս­տա­նը, ո­րոնց բարձ­րա­գոյն մա­կար­դա­կի շփում­նե­րուն իբ­րեւ հե­տե­ւանք՝ կա­րե­լի ե­ղած է այ­սօր «ան­կա­յուն հրա­դա­դար» մը հաս­տա­տել Սու­րիոյ մէջ: Եր­կու գեր­տէ­րու­թեանց ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով կը խօ­սին հրա­դա­դա­րի պահ­պան­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին: ՄԱԿ-ի Սու­րիոյ հար­ցե­րով յա­տուկ բա­նագ­նաց Սթե­ֆան Տէ Միս­թու­րա­յի կազ­մա­կեր­պած ժը­նե­ւեան բա­նակ­ցու­թիւ­նե­րուն մա­սին բո­լոր կող­մե­րը ու­նին նոյն տե­սա­կէ­տը եւ ա­նոնց կող­մէ այս բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ար­դէն կը հա­մա­րուին «մե­ռեալ» բա­նակ­ցու­թիւն­ներ: Այս ա­ռու­մով ե­րե­ւե­լի է, որ ընդ­դի­մու­թեան գլխա­ւոր մղիչ ուժ հան­դի­սա­ցող Ռիա­տը եւս կը հասկ­նայ, որ Սու­րիոյ տագ­նա­պին հան­գու­ցա­լուծ­ման հանգ­րուա­նը տա­կա­ւին չէ հա­սուն­ցած: Մինչ ընդ­դի­մա­դիր կող­մե­րը ի­րենց ու­նե­ցած խա­ղա­քար­տե­րը կը փոր­ձեն տար­բեր հնարք-­նե­րով դնել բա­նակ­ցու­թեանց սե­ղա­նին, ան­դին Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը թուին ա­ւե­լի հան­գիստ ըլ­լալ:

Ռու­սա­կան մի­ջամ­տու­թեամբ եւ նե­ցու­կով ամ­րագ­րուած սու­րիա­կան բա­նա­կը կը շա­րու­նա­կէ կռուիլ տար­բեր ճա­կատ­նե­րու վրայ: Իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը նոյն­պէս կը փոր­ձեն բա­նակ­ցու­թեանց սե­ղա­նին ներ­կա­յա­նալ ի­րա­պաշտ եւ գոր­ծադ­րե­լի ա­ռա­ջարկ­նե­րով:

Սա­կայն նոյն բա­նա­կը այ­սօր ի զօ­րու չէ ա­րեան գնով նոր մա­քա­ռում­նե­րու եր­թալ, գրա­ւե­լու այն հա­տուած­նե­րը, ո­րոնք կը գտնուին իր իշ­խա­նու­թե­նէն դուրս, բայց յստակ է, որ այդ բա­նա­կը չի գտնուիր վերջ­նա­կան հատ­նու­մի կամ պար­տու­թեան դռնե­րուն առ­ջեւ:

Ե­թէ զի­նուո­րա­կան ո­րե­ւէ մեծ շարժ պի­տի կա­տա­րուի, ա­պա այդ մէ­կը պայ­մա­նա­ւո­րուած պի­տի ըլ­լայ բա­ցա­ռա­պէս մի­ջազ­գա­յին դաշ­նա­կից ու­ժե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ ըլ­լա­լիք գոր­ծո­ղու­թեամբ, կամ՝ «կա­նաչ լոյս»ով: Այս ա­ռու­մով պէտք է լա­ւա­պէս հասկ­նալ, որ ըլ­լա­լիք ո­րե­ւէ յա­ռաջ­խա­ղա­ցում պէտք է ըլ­լայ «բո­լո­րին հա­մար եւ՝ յա­նուն»: Այ­սինքն բա­ցա­ռուած է, որ Ռիա­տի հո­վա­նին վա­յե­լող «Ճայշ Ալ-Իս­լամ»ը կամ Քա­թա­րի եւ այլ եր­կիր­նե­րու օրհ­նու­թիւ­նը կրող «Ալ-Նուս­րա» ճա­կա­տը յա­ւե­լեալ դիր­քեր կորսնց­նեն ու պար­տուին: Այ­սօ­րուան գլխա­ւոր թի­րա­խը եւ տե­ղա­շարժ կա­տա­րե­լու ա­ռանց­քը «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­պիւն»ն է, ո­րուն ան­պար­տե­լիու­թիւ­նը նոյն­պէս հո­վա­նա­ւորուած է մին­չեւ ցնոր տնօ­րի­նու­թիւն:

Այս խճճուած պատ­կե­րին առ­ջեւ յստակ է նաեւ, որ վա­ղուան Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հիմ­նա­կան սահ­ման­նե­րը կը գծուին Սու­րիոյ մէջ: Ու այս բո­լո­րէն ան­դին, այ­սօ­րուան խա­ղա­ցող­նե­րուն կամ­քը այդ­քան ալ կա­րե­ւոր չէ, որ­քան կամ­քը Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն, որ սա­կայն յա­ռա­ջի­կայ ա­միս­նե­րուն զբաղուած պի­տի ըլ­լայ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեան օ­րա­կար­գով:

Ա­պա­հո­վա­կան ա­ռու­մով Մոս­կուա եւ Ո­ւա­շինկ­թըն վճռած են ա­մէն գնով պահպա­նել ներ­կա­յիս գոր­ծող հրա­դա­դա­րի պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւ­նը: Իսկ ընդ­դի­մու­թեան կող­մէ գետ­նի վրայ կա­տա­րուած բո­լոր փոր­ձե­րը կը մի­տին ամ­րապն­դել ի­րենց դիր­քե­րը, սա­կայն ա­ռանց շօ­շա­փե­լի ար­դիւնք­նե­րու հաս­նե­լու:

Սու­րիոյ մէջ ըն­թա­ցող զար­գա­ցում­նե­րը կրնան ա­ւար­տիլ միայն այն ժա­մա­նակ, երբ պատ­րաստ ըլ­լայ շրջա­նին հա­մար ար­դէն իսկ գծուած նոր քար­տէ­սը, որ հիմ­քը պի­տի դառ­նայ նոր «Սայքս-Փի­քօ»յա­տիպ հա­մա­ձայ­նու­թեան մը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Չորեքշաբթի, Մայիս 4, 2016