ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿ

Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մը ան­հա­ւա­տա­լի ող­բեր­գու­թիւն­ներ կը ծնի ա­մէն օր, ըն­թա­նա­լով ան­սան­ձա­լի հու­նի մը մէջ։ Այ­սօր ՄԱԿ-ի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դը ար­տա­հերթ բաց ժո­ղով մը կը գու­մա­րէ՝ մա­նա­ւանդ Հա­լէ­պի շուրջ վեր­ջին օ­րե­րուն ստեղ­ծուած օր­հա­սա­կան վի­ճա­կին շուրջ։ Անգ­լիոյ եւ Ֆրան­սա­յի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ տե­ղի կ­­՚ու­նե­նայ ժո­ղո­վը՝ Հա­լէ­պի կա­տա­ղի կռիւ­նե­րով պայ­մա­նա­ւո­րուած մթնո­լոր­տին մէջ։

Խո­րա­պէս մտա­հո­գիչ առ­կայ վի­ճա­կին մէջ ՄԱԿ դա­տա­պար­տեց հի­ւան­դա­նոց­նե­րուն վրայ կա­տա­րուած յար­ձա­կում­նե­րը։ Այ­սօ­րուան ժո­ղո­վին ըն­դա­ռաջ, ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մունն ալ յայտ­նեց, որ Հա­լէ­պի մէջ պա­տե­րազ­մա­կան ո­ճիր­ներ կը գոր­ծուին եւ քա­ղա­քէն ներս կրա­կը պէտք է դադ­րի ի գին ա­մէն ին­չի։

Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մի ա­մե­նէն թէժ օ­րե­րը կ՚ապ­րի Հա­լէ­պը: Բա­ռին ա­մե­նէն լայն ա­ռու­մով Սու­րիոյ ճար­տա­րա­րուես­տի եւ տնտե­սու­թեան սիրտ հա­մա­րուող պատ­մա­կան շունչ ու­նե­ցող Հա­լէ­պը ոչ միայն ա­ւե­րա­կուած է, այլ բո­լոր ա­ռում­նե­րով կ՚ա­րի­ւնա­հո­սի: Շա­բաթ մը ա­ռաջ երբ Ո­ւա­շինկ­թըն եւ Մոս­կուա նախ­նա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեան մը կու գա­յին Փետ­րուա­րէն ի վեր առ­կայ հրա­դա­դա­րը վերս­տին ամ­րաց­նե­լու, հա­մա­ձայ­նու­թեան մէջ չէր յի­շա­տա­կուեր Հա­լէ­պը: Զար­մանք առ­թող այս լու­րէն ետք սեւ Եր­կու­շաբ­թի օ­րով սկիզբ ա­ռած ծանր հրթի­ռա­րձա­կում­նե­րը նոր վէր­քեր կը բա­նա­յին վի­րա­ւոր քա­ղա­քին մէջ: Մէկ կող­մէ Սու­րիոյ կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րու տար­բեր բան­բեր­ներ կը յայտ­նէին շրջա­նը զի­նեալ­նե­րէ «մաք­րե­լու» մա­սին, ան­դին ընդ­դի­մա­դիր զի­նեալ­ներ ե­րէկ նոր ճա­կատ­ներ բա­նա­լով կը փոր­ձէին ա­մէն գնով յա­ռաջ­խա­ղաց կա­տա­րել տար­բեր ճա­կատ­նե­րու վրայ: Մինչ այդ, Հա­լէ­պը հան­դիս­տաես կը դառ­նար ա­մե­նէն ծանր հրթի­ռար­ա­կո­ծում­նե­րու: Տար­բեր լրա­տուա­կան գոր­ծա­կա­լու­թիւն­ներ Հա­լէ­պի մէջ ե­ղած ի­րադ­րու­թիւ­նը կը բնո­րո­շէին որ­պէս դժո­խա­յին: Ա­րա­բա­կան «Ալ Մա­յա­տին» կա­յա­նը կը հա­ղոր­դէր, որ Սու­րիոյ  պա­տե­րազ­մին մաս­նա­կից ընդ­դի­մա­դիր զի­նեալ­ներ հրթիռ­ներ նե­տած են Հա­լէ­պի «Ալ Տըպ­պիթ» հի­ւան­դա­նո­ցին վրայ, ո­րուն հե­տե­ւան­քով զո­հուած են տասն­մէկ ան­ձեր: Կը հա­ղոր­դուէր, որ հի­ւան­դա­նո­ցը կա­նանց յա­տուկ հի­ւան­դա­նոց է: Նոյն աղ­բիւ­րը կը յայտ­նէր, որ այս հին­գե­րորդ հի­ւան­դա­նոցն է, որ վեր­ջին  մէկ շաբ­թուան ըն­թաց­քին հրթի­ռար­ձա­կում­նե­րու թի­րախ կը դառ­նար: Այ­սօ­րուան հրթի­ռար­ձա­կում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով զո­հուած­նե­րուն թի­ւը կը հաս­նէր քսա­նու­թի եւ զո­հե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ան­զէն քա­ղա­քա­յին­ներ են կամ բուժ­ման հա­մար հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ գտնուող հի­ւանդ­ներ: Գա­լով քա­ղա­քի հայ­կա­կան բնակ­չու­թեան՝ կա­րե­լի է ը­սել, որ հա­յու­թիւ­նը եւս կ­­՚ապ­րի ծան­րա­գոյն օ­րեր: Անց­եալ շա­բաթ պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով կը զո­հուէին ե­րեք հա­յոր­դի­ներ: Կա­նուխ է բ­­նու­թագ­րում­ներ կա­տա­րել մին­չեւ այս պա­հը Հա­լէ­պի մէջ դի­մա­ցող մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն մա­սին, սա­կայն մէկ բան յստակ է, որ զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն լրու­մով Հա­լէ­պէն հե­ռա­նալ ու­զող­նե­րուն թի­ւը կրնայ աճ ար­ձա­նագ­րել:

Եր­կու կող­մե­րու հա­կա­մար­տու­թիւ­նը բնա­կա­նա­բար կապ ու­նի ժը­նե­ւեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն հետ, ու հա­կա­ռակ ա­նոր որ գեր­տէ­րու­թիւն­նե­րը հա­մա­ձայ­նա­կան լե­զուով մը կը խօ­սին, գետ­նի վրայ ի­րա­վի­ճա­կը հետզ­հե­տէ կը դառ­նայ անյս­տակ, բայց մա­նա­ւանդ ան­կա­ռա­վա­րե­լի:

Կը մնայ հար­ցադ­րու­մը. մին­չեւ ե՞րբ Հա­լէ­պը ու ա­նոր ան­զէն քա­ղա­քա­ցի­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կեն պա­տե­րազ­մի ար­հա­ւիր­քին զո­հե­րը դառ­նալ: Ու մա­նա­ւանդ մին­չեւ ե՞րբ Հա­լէ­պը պի­տի շա­րու­նա­կէ բա­նակ­ցու­թեանց սե­ղա­նին վրայ ա­ռեւ­տու­րի ա­ռար­կայ դառ­նալ:

Չորեքշաբթի, Մայիս 4, 2016