«ԵՍ ՍԻՐԱՀԱՐՈՒԱԾ ԵՄ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻՆ»

Ե­րու­սա­ղէ­մի Հրէա­կան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ շուրջ 40-50 ոչ-հայ ու­սա­նող­ներ կ՚ու­սում­նա­սի­րեն հա­յոց լե­զու, հայ­կա­կան մշա­կոյթ ու պատ­մու­թիւն: Այս մա­սին աւստը-­րա­լիա­կան SBS-ին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին պատ­մած է հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս, Փրոֆ. Մայ­քըլ Սթոն, որ իր ամ­բողջ կեան­քը նուի­րած է հա­յոց լե­զուի ու­սում­նա­սի­րու­թեան։

Աւստ­րա­լա­ցի Մայ­քըլ Սթոն սկսած է դա­սա­ւան­դել գրա­բար դեռ 1967 թուա­­կա­նին: 2007 թուա­կա­նին ան թո­շա­կա­ռու դար­ձած է, սա­կայն դեռ կը դա­սա­ւան­դէ աս­պի­րանտ­նե­րուն: Վեր­ջերս ան ու­սա­նող­նե­րու խում­բի հետ, ա­ռա­ջին ան­գամ, գրա­բա­րէն բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն թարգ­մա­նած է եբ­րա­յե­րէն: «Թարգ­մա­նու­թիւ­նը պի­տի հրա­պա­րա­կուի գրա­կան ամ­սագ­րե­րէն մէ­կուն մէջ», նշած է ան:

Ա­նոր խօս­քով հա­մալ­սա­րա­նին մէջ կայ նաեւ Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի ու պատ­մու­թեան դա­սըն­թացք: «Ես Աւստ­րա­լիոյ մէջ մեծ­ցած եմ ու շատ լե­զու­նե­րու տի­րա­պե­տած եմ: Իմ ու­սու­ցի­չը ին­ծի ան­գամ մը ը­սաւ՝ լաւ պի­տի ը­նէիր ե­թէ հա­յե­րէն սոր­վէիր: Ես սկսայ սոր­վիլ դա­սա­խօս Ա­ւե­տիս Խան­ճեա­նի հետ, որ Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ կը բնա­կէր ու ես պար­զա­պէս սի­րա­հա­րուե­ցայ հա­յոց լե­զուին», պատ­մած է ան:

Փրոֆ. Սթոն ու­սում­նա­սի­րած է ոչ միայն հա­յոց լե­զուն, այ­լեւ հա­յոց պատ­մու­թիւնն  ու մշա­կոյ­թը, որ ա­նոր խօս­քով՝ ազ­դե­ցու­թիւն ձգած է ամ­բողջ տա­րած­քաշր­ջա­նին վրայ: Ան նաեւ պատ­մած է Հա­յաս­տա­նի մէջ հրեա­նե­րու եւ Սուրբ Հո­ղի վրայ հա­յե­րու ներ­կա­յու­թեան մա­սին ա­մե­նա­հին վկա­յու­թիւն­նե­րու մա­սին: Սթոն կը նշէ, որ Նա­զա­րէ­թի մէջ յայտ­նա­բե­րուած են հա­յե­րէն տա­ռե­րով քա­րեր, ո­րոնք 5-րդ դա­րով տա­րեգ­րուած են: Այս­պէ­սով կա­րե­լի է են­թադ­րել, որ այդ գրու­թիւն­նե­րը ե­ղած են դեռ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի կեն­դա­նու­թեան օ­րօք:

Ինչ կը վե­րա­բե­րի Հա­յաս­տա­նի մէջ հրեա­նե­րու ներ­կա­յու­թեան՝ Մայքըլ Սթո­ն կը յի­շեց­նէ, որ 90-ա­կան­նե­րուն յայտ­նա­բե­րուած է Ե­ղէ­նիս գե­րեզ­մա­նը, ուր պահ­պան-ւած են եբ­րա­յե­րէն կամ ա­րա­մե­րէն լե­զու­նե­րով գրու­թիւն­ներ: Այդ քա­րե­րը տա­-րեգ­րուած են 13-14-րդ դա­րե­րով:

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2017