ԱՐԱ ՇԻՐԻՆԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ ՍՏԱՑԱՒ

Մամ­լոյ ա­զա­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին օ­րը ե­րէկ յա­տուկ ձեռ­նար­կով մը նշուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ «Ի­պիս» կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Մամ­լոյ ա­զա­տու­թեան ժա­մա­նա­կը» տա­րե­կան մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը։ Հարկ է նշել, որ 2006 թուա­կա­նէն ի վեր ա­մէն տա­րի (բա­ցի 2009-էն եւ 2010-էն) Մամ­լոյ ա­զա­տու­թեան հա­մաշ­խար­հա­յին օ­րուան ձօ­նուած այս մրցա­նա­կը կը տրուի՝ Ե­րե­ւա­նի մամ­լոյ ա­կում­բի, Մե­տիա նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նի եւ Հա­յաս­տա­նի Լրագ­րող­նե­րու միու­թեան հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։

«Այս տա­րի «Մամ­լոյ ա­զա­տու­թեան ժա­մա­նա­կը» մրցա­նա­կը շնոր­հուե­ցաւ յայտ­նի բե­մադ­րիչ Ա­րա Շի­րի­նեա­նին։ Այս վեր­ջի­նը պար­գե­ւի ար­ժա­նի դա­սուե­ցաւ՝ իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան շի­տա­կու­թեան հա­մար։ Ա­րա Շի­րի­նեա­նին այս առ­թիւ յանձ­նուե­ցաւ պա­տուոյ գիր մը եւ այս մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ա­ւան­դա­կան յու­շա­նուէ­րը՝ ժա­մա­ցոյց մը։

Ա­րա Շի­րի­նեան մրցա­նա­կը ստա­ցաւ ձե­ռամբ հրա­պա­րա­կա­գիր Տիգ­րան Պաս­կե­ւի­չեա­նի, որ 2007 թուա­կա­նին ար­ժա­նի դասուած էր այդ նոյն մրցա­նա­կին։ Հարկ է նշել, որ Ա­րա Շի­րի­նեան եւ Տիգ­րան Պաս­կե­ւի­չեան ար­դէն ան­մի­ջա­կան գոր­ծա­կից­ներ են ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեան­քի մէջ։ Մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին այս տա­րուան դափ­նե­կի­րը շնոր­հա­ւո­րե­ցին Ե­րե­ւա­նի Մամ­լոյ ա­կում­բի նա­խա­գահ Պո­րիս Նա­ւա­սար­դեան, Հա­յաս­տա­նի Լրագ­րող­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Աստ­ղիկ Գէոր­­գեան եւ Մե­տիա նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար Նու­նէ Սարգ­սեան։

Մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին Ա­րա Շի­րի­նեան ը­սաւ. «Մենք վեր­ջին հինգ տա­րուան ըն­թաց­քին շատ փո­խուե­ցանք, ա­ւե­լի շատ, քան նա­խորդ քսան տա­րի­նե­րը։ Սա պայ­մա­նա­ւո­րուած է նոր փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու բնա­գա­ւառ մուտ­քով։ Մենք ջանք թա­փե­ցինք, իւ­րա­ցու­ցինք այդ փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րը, բայց կը կար­ծեմ, թէ փո­խուե­լու սահ­ման մը կայ։ Ի վեր­ջոյ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հետ մրցակ­ցու­թեան մէջ ենք եւ տա­րի­քէ մը վերջ այդ մրցակ­ցու­թիւ­նը ի­մաստ չու­նի։ Որ­քան որ ալ պա­տիւ է ին­ծի հա­մար այս մրցա­նա­կը ստա­նալ, այ­նուա­մե­նայ­նիւ ես կը փա­փա­քէի, որ իմ փո­խա­րէն այս­տեղ կանգ­նած ըլ­լար ե­րի­տա­սարդ լրագ­րող մը՝ կա­տա­րուած ո­րե­ւէ շատ կա­րե­ւոր գոր­ծի հա­մար»։ Ա­րա Շի­րի­նեան ա­ւել­ցուց, որ ի­րենց սե­րուն­դի պարտքն է նաեւ ա­պա­հո­վել ե­րի­տա­սարդ լրագ­րող­նե­րու դրսե­ւո­րուե­լու եւ հաս­տա­տուե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն։

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2017