ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ՈՒ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ հանդիպում մը ունեցան Սոչիի մէջ։ Երեք ժամ տեւեց երկու ղեկավարներուն տեսակցութիւնը, որու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ Սուրիոյ ճգնաժամը։ Էրտողան յայտնեց իր համոզումը, թէ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ կողմէ առնուելիք քայլերը պիտի փոխեն տարածքաշրջանի ճակատագիրը։ Սուրիոյ տագնապի վերաբերեալ հարցերու ամբողջին մէջ կողմերը կանգ առին նաեւ բախումներէ զերծ գօտիներ ստեղծելու վրայ։ Երկկողմանի առեւտրատնտեսական եւ ռազմական համագործակցութեան վերաբերեալ կարգ մը խնդիրներն ալ նախագահներուն կողմէ շօշափուեցան Սոչիի մէջ։ Էրտողանի կողքին էին Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան։ Փութինի կողքին էին Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով, Պաշտպանութեան նախարար Սէրկէյ Շոյկու եւ միջազգային յարաբերութիւններու գծով գլխաւոր խորհրդականը՝ Եուրի Ուշաքով։
Սոչիի մէջ երեք ժամ տեւած բանակցութիւններէն վերջ Էրտողան եւ Փութին հանդէս եկան համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը։ Այս առթիւ Փութին ընդգծեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները մօտաւոր անցեալին անցած են տոկունութեան փորձէ մը, այժմ բնականոնացման գործընթացը աւարտած է ու կողմերը կը վերադառնան համատեղ համագործակցութեան։ Նախագահ Էրտողանն ալ դիտել տուաւ, որ այլեւս բնականոնացման գործընթացէն աւելի անդին կ՚ուղղուին։ Երկու ղեկավարները զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն բացատրեցին, որ քննարկած են Մերձաւոր Արեւելքի իրադրութիւնն ու Սուրիոյ տագնապը։ Փութինի խօսքերով, կողմերը համակարծիք են, թէ այս խնդրին կարգաւորումը պէտք է ըլլայ միայն դիւանագիտական ջանքերով ու քաղաքական միջոցներով։ Էրտողանն ալ յայտնեց հետեւեալը.
«Մեր երկրին տեսակէտէ վեց տարիէ ի վեր Սուրիան դարձած է վէրք մը, որ կ՚արիւնի։ Իմ բարեկամ Փութինն ալ անկեղծօրէն կը փափաքի, թէ վերջ գտնէ այս ողբերգութիւնը։ Ես հաւատացած եմ ու կը հաւատամ, թէ ինք մեծ վաստակ ու ջանք պիտի գործադրէ հրադադարի դրութիւնը կեանքի կոչելու համար։ Կարգ մը շրջանակներ իրենց ամբողջ եռանդը կը վատնեն այս գործընթացը խափանարարելու նպատակով»։ Աւելի վերջ Էրտողան որպէս օրինակ մատնանշեց վերջին շրջաններուն քիմիական զէնքերով կատարուած յարձակումները։ «Այսօր Պարոն Փութինին հետ համամիտ ենք, թէ այդ յարձակումներուն պատասխանատուները պէտք է պատժուին», աւելցուց Էրտողան։
Լրագրող մը հարց տուաւ, թէ ի՞նչ արդիւնք ունեցած է Սուրիոյ ճգնաժամի կարգաւորման ուղղութեամբ անվը-տանգ գօտիներ ստեղծելու մտադրութեան շուրջ քննարկումը։ Ծանօթ է, որ այս նիւթը Սոչիի բանակցութիւններէն առաջ արդէն յայտարար-ւած էր՝ որպէս օրակարգի մաս։ Այս կապակցութեամբ Էրտողան յիշեցուց, որ սկիզբէն ի վեր բոլոր հարթութիւններուն վրայ օգտագործած է «անվտանգ շրջան» արտայայտութիւնը։ Ըստ էութեան, սա կ՚ենթադրէր Ռայի-Ճերապլուս հատուածը եւ դէպի հարաւ՝ շուրջ 4-5 հազար քառակուսի քիլօմեթր տարածքը։ «Սակայն հիմա մէկ ալ ի յայտ եկաւ «բախումներէ զերծ շրջանը» եւ սա կը վերաբերի Իտլիպի շրջակայքին։ Կը մաղթեմ, թէ սա կը պահպանուի։ Այսօր պարոն նախագահին հետ քարտէսի վրայ ալ անդրադարձանք այս նիւթին։ Աստանայի մէջ քննարկման առարկայ կարեւոր նիւթերէն մին է այս մէկը», ըսաւ Էրտողան։
Իր կարգին, Փութինն ալ ընդգծեց, որ Սուրիոյ ճգնաժամը կրնայ լուծուիլ միայն քաղաքական միջոցներով։ Իր համոզմամբ, այս քաղաքական գործընթացի զարգացման համար պէտք է բախումները դադրին եւ հրադադար հաստատուի։ Ռուսաստան, Թուրքիա եւ Իրան այն երկիրներն են, որոնք թէ՛ այս նիւթին եւ թէ այս վարկածին ձեւաւորման ուղղութեամբ մեծագոյն նպաստը բերած են։ Սա անվտանգ շրջաններու, բախումներէ զերծ շրջաններու ձեւաւորումն է։ Միացեալ Նահանգներու նախագահն ալ յայտարարութիւններուն մէջ օգտագործեց բախումներէ զերծ ըլլալու արտայայտութիւնը։ «Թրամփի հետ ալ խօսեցանք։ Ամերիկեան կառավարութիւնն ալ կը պաշտպանէ այս գաղափարը։ Սուրիայէ ներս անվտանգ շրջաններու ստեղծուիլը պիտի ամրապնդէ հրադադարը եւ պիտի ապահովէ երկրի տարածքային ամբողջականութեան պահպանուիլը։ Եթէ չըլլան զինուորական գործողութիւններ, ապա այդ շրջանը թռիչքներու համար փակ պիտի ըլլայ եւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարը պիտի շարունակուի», ըսաւ Փութին։
Քրեմլինի աղբիւրները յայտնեցին, որ Էրտողանի եւ Փութինի միջեւ արծարծուած գաղափարներու գործնական հարթութեան վրայ դրուելուն համար անհարժեշտ է սպասել Աստանայի բանակցութիւններու չորրորդ փուլի աւարտին հասնիլը։
Միւս կողմէ, Սոչիի մէջ երէկ երկու նախագահներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ, որպէսզի Թուրքիա C-400 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր ապահովէ Ռուսաստանէն։ Բաց աստի, ըստ Սոչիէ հասած լուրերուն, երկու երկիրները ներկայիս կը քննարկեն նաեւ զէնքի համատեղ արտադրութեան նախագծեր։