ԱՖՐԻՆԻ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ

Թուրք զինեալ ուժերը «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններու ծիրէն ներս կը շարունակեն աշխատանք ծաւալել Աֆրինի մէջ։ Անոնք մասնաւորապէս կ՚իրականացնեն խուզարկման աշխատանքներ։ Երէկ, դժբախտաբար, Աֆրինի մէջ նահատակուեցաւ թուրք զինուոր մը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նահատակեալ զինուորն է՝ 32-ամեայ ենթասպայ Ճեմիլ Էրքէք։

Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ ահաբեկիչներու կողմէ նախապէս զետեղուած ձեռակերտ ռումբի մը պայթումին զոհ գացած է զինուորը։

Նահատակ զինուորին յուղարկաւո-րութիւնը տեղի կ՚ունենայ այսօր։

Ուրբաթ, Մայիս 4, 2018