ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԽԱՌՆ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ԲԵՐՈՒՄՈՎ ՊԱՌԱԿՏՈՒՄ

Մոսկուայի ատրպէյճանական համայնքը այս շրջանին ցնցումի մէջ է խառն ամուսնութեան մը հետեւանքով։ Tert.am կայքէջի հաղորդումներով, Մոսկուայի ատրպէյճանական համայնքի ղեկավար Աղատատաշ Քերիմովի դուստրը ամուսնացած է ազգութեամբ հայ երիտասարդ գործարարի մը հետ։ Այս պարագան տարաձայնութիւններու եւ պառակտման պատճառ դարձած է տեղւոյն ատրպէյճանական համայնքէն ներս։

Հետաքրքրականը այն է, որ Աղատատաշ Քերիմովի կինն ալ ազգութեամբ հայ է։ Ան, սակայն, դէմ եղած է զոյգի ամուսնութեան։ Երկու երիտասարդներու սէրը ի սկիզբանէ պառակտում յառաջացուցած է աղջկան ընտանիքէն ներս, որովհետեւ Աղատատաշ Քերիմով որոշ ժամանակ նոյնիսկ բաժնուած է իր հայ կողակիցէն։ Աւելի վերջ ընտանեկան ներքին անհամաձայնութիւնները հարթուած են։ Ամուսնացեալ երիտասարդներու ընտանիքները միասին, մեծ ուրախութեամբ տօնախմբած են իրենց զաւակներու հարսանիքը, որու ընթացքին հնչած են հայկական ու ատրպէյճանական երգեր։

Մինչդեռ տեղւոյն ատրպէյճանական համայնքէն ներս այս հարցին շուրջ բոլորը համակարծիք չեն իրենց առաջնորդին հետ։ Շատեր հաւանութիւն չեն տար իր որոշման։ Թէեւ ոմանք ըմբռնումով մօտեցած են համայնքի ղեկավարի այս որոշման նկատմամբ եւ ցուցաբերած՝ աջակցութիւն։ Այնուամենայնիւ ատրպէյճանցիներու մէկ մասը կը շարունակէ չընդունիլ այդ միութիւնը՝ քննադատելով Աղատատաշ Քերիմովի քայլը։

Այս իրադարձութիւնը ստեղծած է լայն արձագանգ։

Ուրբաթ, Մայիս 4, 2018