ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁ

Հայկական մարզական աշխարհը այս օրերուն կը տօնախմբէ Ռուսաստանի մէջ կազմակերպուած Եւրոպայի ըմբշամարտի առաջնութեան ծիրէն ներս հայ մարզիկներու ապահոված փայլուն արդիւնքը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, վերջին օրերուն ոսկէ մետայլներ նուաճեցին Արթուր Ալեքսանեան եւ Մաքսիմ Մանուկեան։ Այս ոսկէ մետայլներուն առընթեր, Հայաստանի ազգային հաւաքականէն այլ ըմբիշներ ալ նուաճեցին կարգ մը մետայլներ։

Այս արդիւնքները Հայաստանի մէջ ստեղծեցին մեծ խանդավառութիւն։ Ի շարունակութիւն՝ Երեւանի Զուարթնոց օդակայանին մէջ դիմաւորման արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ դափնեկիր ըմբիշներուն։ Անոնց յաղթական վերադարձը ողջունելու փութացած էին հոծ թիւով մարզասէրներ։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան։ Յունահռոմէական ոճի մէջ ոսկէ մետայլ նուաճած ըմբիշներու վիզէն անցուեցան պսակներ, որոնք զարդարուած էին հայկական եռագոյնով։ Ախոյեան մարզիկներն ալ շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար ու խոստացան ապագային եւս միշտ ձգտիլ լաւագոյնին։

Ուրբաթ, Մայիս 4, 2018