ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ

Յեղափոխութեան յաջորդած բարդ իրավիճակին մէջ Հայաստան կը ջանայ վերագտնել իր ներքին քաղաքական հաւասարակշռութիւնները։ Ակնյայտ է, որ այս առումով որոշ ճանապարհ մը կայ երկրին առջեւ, սակայն ներկայ պահու դրութեամբ առաջին կարեւոր փուլը պիտի ըլլայ 8 Մայիսը եւ Ազգային ժողովէն ներս երկրորդ քուէարկութիւն մը տեղի պիտի ունենայ վարչապետի ընտրութեան համար։ Ամենայն հաւանականութեամբ վարչապետի պաշտօնը պիտի ստանձնէ յեղափոխութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան։ Երէկ, խորհրդարանի երեսփոխաններու ընդհանուր թիւի աւելի քան մէկ երրորդը ստորագրութիւն տուաւ ի նպաստ Նիկոլ Փաշինեանի։ Խորհրդարանի աղբիւրներն ալ պաշտօնապէս հաստատեցին, թէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած է Փաշինեան։ Այս վերջնոյն ի նպաստ ստորագրութիւն տուած է 41 երեսփոխան։

Մինչ ներքին քաղաքական տագնապի յաղթահարման ուղղեալ խտացեալ աշխատանք կը տարուի քաղաքական բեմահարթակի վրայ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ միշտ շփման մէջ է օտարերկրեայ շրջանակներուն հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոն Եակլանտի, Վրաստանի նախագահ Կիորկի Մարկվելաշվիլիի եւ Անգլիոյ Արտաքին գործոց ու համագործակցութեան նախարարութեան Եւրոպայի ու Ամերիկաներու հարցերով պետական նախարար Էլըն Տանքընի հետ։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան, միեւնոյն ժամանակ, երէկ հանդէս եկաւ նաեւ ժողովուրդին ուղղեալ իր հերթական պատգամով։ Անդրադառնալով վերջին իրադարձութիւններուն՝ ան շեշտեց, որ հայ ժողովուրդը կրկին անգամ ցոյց տուաւ, թէ ճակատագրական պահուն ընդունակ է համախմբուելու եւ ազգանպաստ որոշումներ առնելու։ «Հպարտ եմ մեր ժողովուրդով՝ Հայաստանի հպարտ քաղաքացիներով, մեր միասնականութեամբ եւ համերաշխութեամբ։ Հաւատացած եմ եւ կը տեսնեմ, թէ արդէն սկսած ենք կերտել նոր Հայաստանը», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։

Մոսկուայի ղեկավարութիւնն ալ կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեամբ հետեւիլ Հայաստանի իրադարձութիւններուն։ Քրեմլին երէկ յոյս յայտնեց, թէ Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ դաշնակցային բնոյթով յարաբերութիւնները պիտի պահպանուին։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ դարձեալ խօսեցաւ Հայաստանի մասին։ Ան լիայոյս է, թէ երկրի ներքին քաղաքական իրավիճակը պիտի մնայ սահմանադրական, օրինական շրջանակներու մէջ։ Քրեմլին կը յուսայ, թէ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւնները հաստատուն սկզբունք կը մնան երկու երկիրներու արտաքին քաղաքականութեան մէջ։ «Մենք կը փափաքինք, թէ մեր հայ բարեկամները հնարաւորինս շուտ կարգաւորեն ստեղծուած քաղաքական իրավիճակը», յայտնեց Տիմիթրի Փեսքով։

Ուրբաթ, Մայիս 4, 2018